ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Մարտ 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (320 W. Wilson Ave., #107), Հայաստանի արդի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան մարզին մօտէն ծանօթ Ճէյսըն Փօլ Ղազարեան պիտի դասախօսէ այդ ճարտարագիտութիւնը Հայաստանի կրթական, գործարար ու այլ մարզերու մէջ օգտագործելու կարելիութիւններուն մասին: Ան պիտի խօսի նաեւ Սփիւռքի կարեւոր ներդրումին մասին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեանց կողմէ:
Համակարգչային գիտութեանց մարզի մասնագէտ Ղազարեան վարիչը եղած է Գիւմրիի Տեղեկատուական ճարտարագիտութեան հիմնարկին, նաեւ խորհրդակցական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ Հայաստանի կամ այլ շուկաներու համար նման ընկերութիւններ մէջտեղ բերելու նպատակով:
Դասախօսութեան մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 547-3372 թիւին, կամ contact@aesa.org հասցէին, եւ կամ այցելել www.aesa.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.