ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Մարտ 22ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրախանութին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Ռաֆֆիի «Խամսայի Մելիքութիւններ» (1881) հատորին անգլերէն թարգմանութեան ներկայացումը: Ներկայ պիտի ըլլայ թարգմանիչը՝ Արա Մելքոնեանը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Գրախանութին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.