ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մարտ 25ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրախանութին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ ջրաներկի վարպետ Սմբատ Տէր Կիւրեղեանի գործերուն նուիրուած հատորին ներկայացումը: Ներկայ պիտի ըլլայ հատորին հեղիանկը՝ Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որ Սմբատի զաւակն է: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Գրախանութին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին: Հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար, այցելել www.abrilbooks.com/books/10635.html համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.