ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, կազմակերպութեամբ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Դատի տարեկան աւանդական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 6ին, երեկոյան ժամը 6:30էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեան, Հայաստանի այժմու հանրապետութեան արտաքին գործոց առաջին նախարար ու ներկայիս Հայաստանի խորհրդարանի անդամ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի բարերար Հրանդ (Հենք) Խաչատուրեան, գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ ու 250է աւելի Հայ Դատի աշխատանքները քաջալերողներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց ու հոգեկան անհուն հրճուանքով իր ողջոյնի խօսքերը արտայայտեց Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Ռոքսան Մաքասճեան, շնորհաւորելով բոլոր ներկաները Մարտ 4ին, ԱՄՆի Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թիւ 252 բանաձեւին համար, նշելով, թէ այս քուէարկութիւնը մեծ յաղթանակ է ու անմոռանալի պիտի մնայ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, եւ թէ այս մէկը աւելի կարեւոր է քան նախկինները:
Մաքասճեան նաեւ մանրամասնօրէն զեկուցեց տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբին 2009-2010 տարեշրջանի աշխատանքներուն մասին: Ան նաեւ յիշեցուց ներկաները, թէ հակառակ Հայ Դատի պատրաստած ու հրամցուցած ե-նամակներուն, զորս շատ դիւրութեամբ կարելի էր ղրկել քոնկրեսականներուն, ամերիկահայութեան մեծամասնութիւնը թերացաւ այդ ազգային պարտականութեան մէջ:
Օրուան պատգամաբերն էր, Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ մասնաւորպէս հրաւիրուած էր Սան Ֆրանսիսքօ՝ Հայ Դատի երեկոյթին համար: Ան հմտօրէն անդրադարձաւ մերօրեայ հետաքրքրութիւններուն մաս կազմող Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, Ցեղասպանութեան, Ղարաբաղի բարդ կացութեան, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեանց, ազգային ապահովութեան ու հայրենիքի մէջ տիրող ընկերային ու քաղաքական իրավիճակին:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին մասին խօսելով՝ ան ներկայացուց իր ընդիմութեան հիմնական պատճառները, որոնք կ՛առնչուին ստորագրուած համաձայնագիրներու հետեւանքներուն, զորս «անընդունելի» որակեց: Ան շարունակեց ըսելով. «Ընդդիմութեան անզիջելի կեցուածքը պատմական եւ իրաւական հիմնաւորումներ ունի, գլխաւորապէս՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, Թուրքիա-Հայաստան վերջնական սահմանի ճշդելու առկախ հարցին, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքին գծով Թուրքիոյ ցուցաբերած ընդդիմութեան մէջ: Փրոթոքոլներու վաւերացումով Հայաստանը եւ հայութիւնը պիտի զրկուին իրենց ազգային հիմնական իրաւունքներէն, եւ վերջապէս պիտի ստեղծուին Հայաստանի ապահովութեան ու զարգացման առումով շարք մը նախատեսելի ու անընդունելի վտանգներ»:
Ան խստօրեն դատապարտեց Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց տհասութեան, անհեռատեսութեան եւ պատմական ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ՝ իրենց պարտաւորութեան գիտակցութեան պակասին համար: Ան ըսաւ, թէ իշխանութիւնները այս որոշումներուն հասած են գլխաւորաբար արտաքին ճնշումներու տեղի տալով եւ կարճ ժամանակի մէջ ենթադրեալ շահերու ապահովումով:
Շեշտը դնելով Հայաստանի ներքին, ընկերային եւ քաղաքական իրավիճակին վրայ՝ Յովհաննէսեան ըսաւ. «Պէտք է միահամուռ պայքար մղել բոլոր օրինազանցումներու, կաշառակերութեան ախտի, քաղաքացիութեան իրաւունքներու ոտնակոխման եւ այլ բազմատեսակ անարդարութիւններու դէմ, որոնք դժբախտաբար այսօր մեր հայրենիքին մէջ ընդունուած կարգ դարձած են՝ պետական հովանաւորութեամբ»:
Իր ելոյթով Յովհաննէսեան կրկնեց իր կուսակցութեան՝ «Ժառանգութիւն»ի, պահանջքը՝ ըսելով, թէ ժամանակն է, եթէ ոչ արդէն ուշ, որ Հայաստան օրինապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Արցախի հարցով, ինք նաեւ իր խոր ընդդիմութիւնը յայտնեց Մատրիտեան սկզբունքներուն եւ կոչ ըրաւ մերժելու զանոնքր իբրեւ Արցախի հարցը լուծելու հիմք:
Ձեռնարկի ընթացքին, առի գնահատանք ազգային հաստատութիւններուն կատարած իր զանազան բարերարութիւններուն՝ Հայ Դատի յանձնախումբը Հրանդ Խաչատուրեանին նուիրեց 1918ին, Յուլիս 4ի առիթով Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցած հայկական ցոյցի մը մեծադիր լուսանկարը: Նոյն առիթով, նոյն լուսանկարէն նուիրուեցաւ նաեւ օրուան հիւր բանախօս, խորհրդարանական Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ կատարուեցան 20,000 տոլար նուիրատուութիւններ՝ Հայ Դատի աշխատքնքներուն համար: