ՊՈԼԻՍ.- Սեւ Ծովեան Տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Միրզոյեան, որ դիւանագիտական առաքելութեամբ մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէր Պոլսոյ մէջ, վերջացուց իր ծառայութեան շրջանը:
Վերջերս, Կրօնական ժողովի նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ հրաժեշտի հաւաքոյթ մը սարքուեցաւ՝ ի պատիւ Կարէն Միրզոյեանի։ Ներկայ էին Հոգեւորականաց դասը՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ Ս. արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներ եւ ազգային դէմքեր։
Ելոյթներով հանդէս եկան Արամ սրբազան եւ Կ. Միրզոյեան։ Սրբազան հայրը համայնքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայաստանցի դիւանագէտին՝ շեշտելով, որ հնգամեայ ծառայութեան ընթացքին Կ. Միրզոյեան այլեւս հարազատ դէմք մը դարձած էր համայնքէն ներս, ուստի այս հաւաքով շնորհակալութեան տուրք մըն էր, որ կը մատուցուէր անոր։ Արամ սրբազանը, համայնքին անունով արծաթեայ պտղաման մը նուիրեց Կարէն Միրզոյեանին իբրեւ յուշանուէր։
Ապա շնորհակալութեան իր խօսքը արտասանեց Կ. Միրզոյեան, եւ նշեց, թէ իրեն համար ալ անմոռանալի տարիներ պիտի ըլլան դիւանագիտական ծառայութեան այն տարիները, զորս անցուցած էր Պոլսոյ մէջ. «Շնորհակալ եմ ամբողջ համայնքին անխտիր, ես ծառայութեանս ամբողջ շրջանին միշտ համայնքի զօրակցութիւնն ունեցայ իմ ետին», ըսաւ Կարէն Միրզոյեան՝ շարունակելով. «Կը ցաւիմ, որ պատրիարք հօր հիւանդութեան պատճառով այսօր չեմ կրնար անձամբ իմ շնորհակալութիւններս յայտնել իրեն՝ մեր ջերմ համագործակցութեան ու ինծի հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար»։