ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ը կը տեղեկացնէ, թէ կուսակցութեան արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի խորհուրդը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամակցութեան համար իր թեկնածութիւնը դրած Նայիրի Նահապետեանի ընտրապայքարին:
Նահապետեան կը փորձէ դառնալ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ առաջին հայուհին: Թերթը այս առիթով նաեւ հարցազրոյց մը կատարած է թեկնածուին հետ:
Յայտնենք, թէ Փօլ Գրիգորեանի թափուր ձգած Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի արտակարգ ընտրութիւններուն նախնական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 13ին, իսկ ընտրութիւնը՝ Յունիս 8ին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը Մարտ 1 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Նայիրի Նահապետեանի ընտրապայքարին:
Նահապետեանին յաղթանակը ապահովելը յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենամեծ թիւով հայութիւն ունեցող նահանգին 80 անդամ ունեցող խորհրդարանը ներկայիս ոչ մէկ հայ անդամ ունի իր շարքերէն ներս:
Հանրային քաղաքականութեան եւ ղեկավարման մարզերէն ներս Նահապետեանի ապահոված փորձառութեան շնորհիւ, շարք մը քաղաքական ղեկավարներ եւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոշած են նեցուկ կանգնիլ անոր ընտրապայքարին: Անոնց շարքին են Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քարոլ Լիու եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ:
Նահապետեանի նեցուկ կանգնողներուն ամբողջական ցանկին ու թեկնածուին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել VoteNayiri.com համացանցային կայքը:
Նկատի ունենալով, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքին սահմաններէն ներս ապրող եւ քուէարկելու համար արձանագրուած քաղաքացիներուն միայն 16 տոկոսը հայ է. Նահապետեան, յաղթանակ ապահովելու համար, պէտք ունի ապահովելու ո՛չ հայ քուէարկողներու աջակցութիւնը նաեւ:
Իբրեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ, Նահապետեան արդէն իսկ փաստած է, թէ կարողութիւն ունի իրագործելու կրթական արդիական ծրագիրներ, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարիներուն կրթական մարզին ամավարկը զգալիօրէն կը կրճատուէր նահանգին ու քաղաքին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն հետեւանքով: Շնորհիւ կրթական մարզը բարեկարգելու նպատակով իր ներկայացուցած ծրագիրներուն, ան յաջողած էր բաւարար քուէներ ապահովել՝ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ ընտրուելուն համար:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կրթական համակարգը բարեկարգելու աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Նահապետեան հանդիսացած էր հիմնադիրներէն մէկը ՀԲԸՄի «Յաջորդ սերունդ» խորհրդատուական ծրագրին, որուն նպատակն է խորհրդատուական սպասարկութիւններ տրամադրել Կլենտէյլի հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Ան նաեւ եղած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ Հայ մշակութային ու ընկերային ուսմանց համախմբումի ատենապետ:
Նայիրի իր ուսումը ստացած է Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանին ու համայնքային համալսարանին մէջ, ապա հոգեբանութեան մարզին մէջ իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է UCLA-էն, իսկ ընկերային սպասարկութեանց մարզին մէջ մագիստրոսի տիտղոսը՝ նոյն համալսարանէն: Ան վերջին տասը տարիներուն կը դասախօսէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի սահմաններէն ներս կ՛իյնան Կլենտէյլն ու Պըրպենքը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Էթուաթըր Վիլեճ, Լորըլ Կրով, Լոս Ֆելիզ, Սիլվըր Լէյք, Նորթ Հոլիվուտ, Թոլուքա Լէյք, Թոլուքա Ուուտզ, Թոլուքա Թերըս, Վելի Կլեն ու Վեն Նայս շրջանները: