ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երկու յաջորդական Հինգշաբթիներ, երկու քաղաքական նշանակալի իրադարձութիւններու օրեր հանդիսացան՝ յուզելով ամբողջ հայաշխարհը:
Մարտ չորսին, Ուաշինկթըն, ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը մէկ քուէի առաւելութեամբ ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւը:
Մէկ շաբաթ ետք, երէկ՝ Մարտ 11ին, Սթոքհոլմի մէջ Շուէտի խորհրդարանը, դարձեալ մէկ քուէի առաւելութեամբ ընդունեց հայերու, հելլէններու ու ասորիներու ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
Մէկ քուէներու առաւելութիւնը պարզապէս յիշեցում մըն է մեզ, թէ ինչպէ՛ս արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը կրնան սակարկութեան առարկայ դառնալ, նոյնիսկ ամէնէն ազնիւ գաղափարախօսութիւնները դաւանող մարդոց կամ կուսակցութեանց կողմէ, եւ թէ ինչպէ՛ս անմիջական շահերու հետապնդումը կրնայ ազդել քաղաքական գործիչներու դատողութեան վրայ:
Այսուհանդերձ, մէկ քուէի առաւելութեամբ Ուաշինկթընի եւ Սթոքհոլմի յաղթանակաները կու գան այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիա, օգտագործելով Հայաստանի նախագահի բարեմիտ բայց կանխահաս նախաձեռնութիւնը՝ իր «քիսինճըրեան» հանճարով հռչակ շահած արտաքին գործոց նախարարին հնարամիտ մարտավարութեամբ ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վերջնականապէս դադրեցուի, նոյնինքն Հայաստանի իշխանութեանց մեղսակցութեամբ:
Այս պայմաններուն տակ կարելի չէ թերագնահատել նոյնիսկ մէկ քուէով ձեռք բերուած այս յաղթանակները, որոնք կ՛արձանագրուին շնորհիւ սփիւռքեան կամաւոր ուժերու նպատակասլաց աշխատանքին ու ճիգերուն, ի հեճուկս հսկայական միջոցներով օժտուած թրքական պետական միջոցներուն:
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերջին շրջանի վարքագիծը կը դրսեւորէ շտապողական ու ջղագրգիռ հակազդեցութիւն ցոյց տալու ախտանշաններ:
Ուաշինկթընէն հազիւ մէկ շաբաթ անց, Սթոքհոլմի քուէարկութիւնը բաւական լուրջ փորձութիւն մը պիտի ըլլայ թրքական ինքնատիրապետման ճիգերուն: