ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուարի վերջին տասնօրեակին հայ կեանքը ջերմացաւ Թումանեանական օրերու հոգեպարար մթնոլորտով։ Յատկապէս հայրենի ոստաններուն մէջ, բայց նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն՝ հեռարձակուած հաղորդումներուն շնորհիւ, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներն ու ելոյթները առիթը ընծայեցին հայ մարդուն, որպէսզի վերանորոգուի «Հանճարեղ Լոռեցի»ի բանաստեղծական յուզաշխարհով եւ ազգային շունչով։
Արժանին մատուցուեցաւ հայ գրականութեան բոլոր ժամանակներու փառահեղ գագաթներէն մէկը հանդիսացող «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ին։ Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Թումանեանի մեծութիւնը՝ իբրեւ հարազատ թարգմանն ու իմաստուն պատգամաբերը հայրենի հողին ու բնութեան գեղեցկութիւններուն, ազգային մեր աւանդութեանց ու սրբութեանց, հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ բազմաչարչար պատմութեան, ինչպէս նաեւ՝ հայ մարդու տոհմիկ բարքերուն ու իւրայատուկ հոգեկերտուածքին։
Թումանեանի կերպարով ու գործով յագեցած ոգեկոչման այդ ջերմ մթնոլորտէն ներշնչուած՝ կ՛արժէ «օրուան մտածում»ի առանցք դարձնել նոյնինքն «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի Թումանեանական աւանդը։
Անշուշտ, մտքի ու սրտի ամենայն հանգստութեամբ, կարելի է «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի տիտղոսը համարել Թումանեանին համար յայտնագործուած եւ հայ մեծ գրողին վերապահուած արժանաւորութեան դափնեպսակ մը։ Այսուհանդերձ, իրականութեան մէջ եւ իր ծննդոցով մեծարանքի ծառայող շքանշանէ մը տարբեր է, նաեւ աւելի՛ն կը խտացնէ անձնապէս նոյնինքն Թումանեանի կողմէ մտայղացուած ու օգտագործուած այդ տիտղոսը։
Պատմողը Թումանեանի ժամանակակիցներէն եւ երկրպագուներէն Վարդգէս Ահարոնեանն է՝ հայոց ազատութեան մեծանուն երգիչին արժանաւոր զաւակը, որ Թումանեանի նուիրուած իր յուշերուն մէջ կը ներկայացնէ, թէ Հանճարեղ Լոռեցին ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յղացաւ երեւութապէս յաւակնոտ թուացող այդ… ինքնագնահատականը։ Վարդգէս Ահարոնեան կը վկայէ, որ 1915ի ամրան սեւ ու դաժան օրերուն, երբ Արեւմտեան Հայաստանէն հարիւր հազարներով հայ գաղթականութիւն, Թուրքիոյ ցեղասպանական եաթաղանէն մազապուրծ, ապաստանած էր Արարատեան դաշտ, Թումանեան, գիր ու գրականութիւն թողած՝ ամբողջապէս նուիրուած էր գաղթականներու պատսպարման ու մատակարարման գործին։ Յատկապէս Էջմիածնի մէջ եւ շուրջ կեդրոնացած էր գաղթականներու ամբողջ բանակ մը՝ անպատսպար ու սովահար։ Հաստատուած էին վրաններ, բայց գաղթական ժողովուրդը ընդհանրապէս բացօթեայ կ՛ապրէր։ Իր ժողովուրդի աղէտահար զաւակներուն կեանքի դաժան պայմանները բառացիօրէն կը կիսէր, անոնց հետ վրանի տակ կ՛ապրէր նաեւ Թումանեան, որ գաղթականներու համազգային հոգատարութեան գործին նախաձեռնող, մղում տուող եւ ղեկավարող գլխաւոր դէմքերէն էր։
Ահա՛ այդ դժուար օրերուն, միշտ Վարդգէս Ահարոնեանի վկայութեամբ, բնութիւնը եւս իր անբարենպաստ անակնկալով եկած էր ծանրացնելու արդէն անտանելի վիճակը անօթեւան ապրող հայ գաղթականներու մեծ բանակին։ Ամրան ամէնէն տաք եղանակին օր մը, յանկարծ, երկինքը ամպոտ եւ մռայլ տեսք ստացած էր՝ ազդանշանը տալով տեղատարափ անձրեւներու։ Թումանեան իր գործակիցներէն երիտասարդ մը ուղարկած էր կաթողիկոսին մօտ, որպէսզի արտօնէ Էջմիածինի երեք վանքերն ալ բանալ գաղթականներուն առջեւ՝ մինչեւ բնութեան խաղաղումը ժողովուրդը հոն պատսպարելու համար։ Երիտասարդը վերադարձած ու զեկուցած է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը արտօնած է բանալ երեք վանքերը, բացի նոր վերանորոգուած վեհարանէն։ Թումանեան ծայր աստիճան ընդվզած է, երիտասարդ իր գործակիցին ետ ուղարկած է վեհափառին մօտ՝ պոռթկալով, որ «Գնա՛ ըսէ, թէ ես ալ ամենայն հայոց բանաստեղծն եմ եւ կը պահանջեմ իսկոյն բանալ վեհարանի դռները անպատսպար ժողովուրդին առջեւ…»:
Անշո՛ւշտ, վեհարանին դռները օրին բացուեցան հայ գաղթականներուն առջեւ։ Իսկ Թումանեանի անունին յաւերժօրէն կապուեցաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» տիտղոսը՝ արդարօրէ՛ն եւ արժանաւորապէ՛ս։
Կոչումի եւ առաքելութեան խորագոյն զգացողութիւնն էր, որ այդպէ՛ս պոռթկաց Թումանեանի էութենէն։
«Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ը ըլլալու պատասխանատուութեան ոգին էր, որ այդպէ՛ս պոռթկալով՝ զգաստութեան կոչ մը դարձաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ուղղուած, որպէսզի լիիմաստ տէր կանգնի հովուապետի իր ուխտին։
Ոչ մէկ հողեղէն կառոյց կամ նիւթեղէն հարստութիւն կրնայ աւելի կարեւոր ըլլալ կամ այնքան արժէք ներկայացնել, որ զլացուի անպատսպար ու անօթեւան մնացած եւ բնութեան աննպաստ հարուածին ենթարկուած սեփական ժողովուրդին։
Այդպէ՛ս եղած է հեռաւոր անցեալին. այդպէ՛ս էր մանաւանդ Թումանեանի ապրած ժամանակաշրջանին. այդպէ՛ս է նաեւ մեր օրերուն։
Ազգի մը մեծութիւնը, հարստութիւնը եւ հզօրութիւնը կը չափուին սեփական արժէքներուն տէր կանգնելու ընդունակութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, համազգային այդ ընդունակութիւնը անձնական օրինակով մարմնաւորող ու առաջնորդող անհատականութիւններու աւանդով։
Եւ ա՛յդ է իմաստը, միաժամանակ պատգամը «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի Թումանեանական աւանդին։
Իր ստեղծած ան
մահ բանաստեղծութեան գեղարուեստական արժէքէն անդին անցնող, աւելի վեր՝ Արարատի պէս վեհափառ բարձրացող Հայու կոչումին եւ պատասխանատուութեան խտացումն է Թումանեանին մարմնաւորած «Ամենայն հայոց բանաստեղծօը։
Թումանեան երկրորդ անգամ մըն ալ, բայց արդէն իր կեանքի վերջալոյսին, 1921 թուականին, ամբողջ հասակով տէր կանգնեցաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի իր կոչումին եւ առաքելութեան, երբ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն ետք, Թիֆլիսէն փութաց Երեւան՝ եղբայրասպան արիւնահեղութեան առաջքը առնելու պատասխանատուութեան զգացումով։
Բայց առանձին քննարկման ու խորհրդածութեան նիւթ է Թումանեանի «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի այդ վերջին առաքելութիւնը, որ այնքան դիպո՛ւկ ներկայացուած է Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Սիմոն Վրացեանի կողմէ՝ իր «Կեանքի Ուղիներով» յուշագրութեան մէջ։
Տարբեր առիթով կ՛արժէ կեդրոնա