ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղուած Մարտ 8 թուակիր նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ամերիկահայութեան զայրոյթը փոխանցած է նախագահին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման աշխատանքներուն մէջ Թուրքիոյ նեցուկ կանգնելու անոր որոշումին համար:
Նամակին մէջ կը քննադատուի նաեւ այն իրողութիւնը, որ Օպամա անցեալ Ապրիլ 24ին չէր յարգած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհելու իր նախընտրական խոստումը եւ կը շարունակէ դէմ դնել Ցեղասպանութեան քոնկրեսական ճանաչում ապահովելու փորձերուն:
«Ձեր այս կեցուածքով արդէն իսկ ցոյց տուած էք, որ Ցեղասպանութեան հարցով մեր լռութիւնը կարելի է գնել ռազմաքաղաքական կարծեցեալ առաւելութեանց փոխանակումներով եւ կամ կարելի է պարտադրել արտաքին ուժերու սպառնալիքներով: Ձեր այս քաղաքականութեամբ այժմ ամբողջովին մեղսակից դարձած էք Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ արշաւին», նշուած է նամակին մէջ:
Նամակին ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ մեր www.asbarez.com համացանցային կայքին վրայ: