ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը ռուս իր գործընկերոջ Սերկէյ Լաւրովի հետ, Մարտ 8ին Մոսկուայի մէջ քննարկած է ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական գործընկերային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցեր: