«News.am» կը հաղորդէ, որ Էրզրումի տեղական թերթերէն մէկուն համաձայն, Էրզրում նահանգի Չամլըլմաչ գիւղին (Օշկ գիւղի-Խմբ.) մէջ գտնուող Օշվանքը պիտի վերանորոգուի։ Սակայն նախնական հաշուարկներու հիման վրայ տրամադրուած 60 հազար թրքական լիրան բաւարար չէ. ուստի, Էրզրումի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան տնօրէն Սուաթ Պաքըր, վերանորոգման համար անհրաժեշտ յաւելեալ 200 հազար լիրա ստանալու նպատակով դիմած է թրքական կառավարութեան։
«News.am» կը նշէ, թէ տեղւոյն իշխանութիւնները Օշվանքը եւ անկէ ոչ հեռու գտնուող Իշխան գիւղի Իշխան եկեղեցին կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ վրացական մշակոյթի նմոյշներ։
Վրացիները եւս, վերջերս, դիտումնաւոր կերպով այս եկեղեցին կ՛այցելեն՝ պնդելով, որ այդ եկեղեցիները վրացական են։