ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի քրոնիկագիր Րասիմ Օզանը կը հրաւիրէ ընթերցողը «խղճմտանքով ու բարոյական մերձեցումով նայելու 1915ի պատահարներուն:
«Թարաֆ»ի մէջ 6 Մարտ թուականով հրատարակուած էր Րասիմ Օզան Քիւթահեալըի մէկ յօդուածը, որ կը կրէ «Ազատութեան Բաբախումը» խորագիրը։ Յօդուածագիրը, որմէ ասկէ առաջ ալ հրատարակած ենք սրտախօսիկ յօդուած մը, բոլորովին տարբեր տեսանկիւնէ մը կը նայի 1915ին։ Կարդանք թարգմանաբար.
Հարիւր տարի առաջ Խարբերդ նահանգի բնակիչները մեծամասնութեամբ հայ էին։ Տեղացիներն են որ կ՚ըսեն ասիկա, որովհետեւ այսօր հոն ապրողները մեծամասնութեամբ աւելի վերջ եկած ու հոն տեղաւորուած մարդիկ են։ Ո՛ր Խարբերդցիին հետ որ խօսիք, նոյն ընտանեկան պատմութիւններն են որ կը փոխանցուին ձեզի։ Դուք շատ մը քաղաքներու բնակիչները հանգստութեամբ կրնաք խաբել պետական պաշտօնական տեսակէտի սուտերով, բայց 1915ի կոտորածը Խարբերդցիներուն յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ ամբողջ տարողութեամբ։ Հակառակ որ մեծ թիւով գիւղերու ու մարզերու անունները փոխուեցան թրքերէն նոր անուններով, տեղացիները այդ վայրերը կը ճանչնան անոնց հայկական անուններով։ Այս հողատարածքին վրայ որո՛ւ հետ որ խօսիք, Թուրք ազգայնապաշտ ըլլայ կամ Ալէվի, կամ Քիւրտ ազգայնապաշտ, բոլորն ալ նոյն պատմութիւնները կը պատմեն։ Մանաւանդ եթէ միջավայրը քիչ մը մտերմիկ դառնայ, ուղղակի իրենց բերնէն կրնաք լսել որ կան հայ մեծմայրեր, հօրենական մայրեր եւայլն։ Այս երկիրը այս բոլորը ապրեցաւ։ Ես հայկական հարցի ահաւասիկ մարդու կեանքը շահագրգռող այս երեսակովն է որ կը հետաքրքրուիմ։ Թող ուրիշները զբաղին այս անիմաստ ձաբռտուքներով ինչպիսին են լոպիական կեղտոտ յարաբերութիւններ, փոխադարձ մարդ ծախու առնելու գործողութիւններ, բանաձեւը վաւերացուեցա՞ւ թէ չվաւերացուեցաւի նման հարցումներ։
Մենք, որպէս հաւաքականութիւն, որքա՞ն ուղղամիտ պիտի կարենանք ըլլալ 1915ի կէտին վրայ։ Հարիւր տարի առաջ ամբողջովին հայերէ բնակուած քաղաքի մը մէջ եթէ այսօր մէկ հատ իսկ հայ եղբայր չէ մնացած, ատիկա ի՞նչպէս պիտի մեկնաբանենք։ «Պարտաւոր էինք այդպէս ընել որպէսզի ազգ-պետութիւն մը հիմնէինք», այսպէ՞ս պիտի ըսենք։ Այդ շրջանի հայ հրոսախումբերուն գոյութիւնը իբր պատրուա՞կ պիտի գործածենք հարիւրհազարաւոր մարդոց աքսորուիլն ու քշուիլը օրինականացնելու համար։
Թէ ոչ խղճմտանքով ու բարոյական մերձեցումով պիտի կարենանք նայիլ 1915ին։ Պիտի ընդունի՞ք որ այդ առիթով հարիւրհազարաւոր մարդիկ ձեռք դրին հայերու կալուածներուն ու ինչքերուն վրայ, պիտի տեսնե՞նք որ ազգայնապաշտութիւնը պատրուակ էր թալանի ու կողոպուտի համար։ Եթէ նայինք հարիւր տարի առաջուան Խարբերդին, կը տեսնենք աւելի զարգացած ու գեղեցիկ քաղաք մը։ Հիմա հարիւր տարի վերջ իսկ քաղաքը այդ օրերու մակարդակին վրայ չէ։ Հայերու ինչքերուն վրայ ձեռք դրուեցաւ, այդ կալուածներուն տէրերը Իթթիհատական ղեկավարներու կամ անոնց գործակցողներու կողմէ սպաննուեցան, այդ աղուոր քաղաքը հոսկէ հոնկէ յափշտակուեցաւ, բայց ահա արդարութիւնը դարձեալ իշխեր է, որովհետեւ այսօրուան Էլազըղը կրնար շատ աւելի գեղեցիկ քաղաք մը դարձած ըլլալ, բայց չէ եղած։
Քաղաքին բնակիչները միաձայնութեամբ կրնան պատմել նմանօրինակ պատմութիւններ։ Բայց ասկէ առաջ ալ գրած եմ, երբ Իթթիհատականները 1915ի այս մաքրագործումին ձեռնարկեցին, ունեցանք վարչայիններ ու զինուորականներ, կուսակալներ կամ նահանգապետներ որոնք դէմ եկան այս անխղճութեան, «այս բոլորը Աստուծոյ հրահանգներուն դէմ են» ըսին։ Գրեթէ ամէն քաղաքի մէջ կային կոտորածներուն դիմադրող պատուաւոր մարդիկ։ Անոնք թերեւս այսպէս է որ քիչ մը տարբեր էին այն մտաւորականներէն որոնք այսօր կը խօսին 1915ին մասին։
Ես տակաւին կը մտածեմ որ արդիւնքը տարբեր պիտի ըլլայ եթէ մենք 1915ին մասին խօսիլ սկսինք այն հասկացողութիւններով որոնք այս երկրին սրտին մէջ տիրապետած են հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Մենք պէտք է այս հասարակութեան հետ խօսինք Ֆաիք Ալիներուն, Հասան Մազհարներուն, Սապիթ Պէյերուն ձայնով։ Իթթիհատական մտայնութիւնը կոտորեց հայերը, ուրացաւ Քիւրտերը, նոյնիսկ, երբ պէտք եղաւ, բնաջնջեց զանոնք, եթէ պայմանները յարմար գտաւ, կոտորեց նաեւ Ալէվիները, հաւատացեալներուն նայեցաւ բորոտներու նայելու պէս, յանցանք նկատեց Քուրանի մեկնաբանութիւնը։
Հիմա կա՛մ այն է որ ամբողջովին հաշուեյարդարի կ՛ենթարկենք Իթթիհատականներու մտայնութիւնը, կամ այն է որ մենք ալ հաշուեյարդարի կ՛ենթարկուինք։ Մեր առջեւ այսպիսի գործընթաց մը կայ ահաւասիկ։