ՊԱՂՏԱՏ, «Ազատութիւն».- Կիրակի, Մարտ 7ին, Իրաքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած են նաեւ երկու հայազգի թեկնածուներ, ըսած է Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեանը:
Անոր համաձայն, թեկնածուներէն մէկը առաջադրուած է իբրեւ անկախ թեկնածու, իսկ միւսը ընդգրկուած է ներքին գործոց նախարարի կազմած ցուցակին մէջ: Ապահովական կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յակոբեան յայտնած է, թէ հայաբնակ շրջաններուն մէջ յարձակումներ տեղի չեն ունեցած: Ներկայիս Իրաք բնակող հայերու թիւին մասին հարցումին պատասխանելով՝ ան ըսած է. «Այս վերջին քանի մը տարիներուն բաւական մեծ թիւով հայեր արտագաղթեցին, իսկ ուրիշներ գաղթած են հիւսիսային Իրաք, որուն հետեւանքով իսկական թիւը կարելի չէ հաստատօրէն ճշդել: Սակայն պէտք է ըսեմ, որ 10 հազարէն աւելի հայութիւն կայ Իրաքի մէջ»: Յայտնենք, թէ Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն, քուէարկելու իրաւունք ունեցող Իրաքի 19 միլիոն քաղաքացիները իրենց քուէն տուին՝ ընտրելու համար խորհրդարանի 325 պատգամաւորներ: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 6200 թեկնածուներ՝ 165 քաղաքական կազմակերպութիւններէ: Ընտրութեանց օրը տեղի ունեցած յարձակումներուն զոհ գնաց մօտաւորապէս 40 հոգի, իսկ մասնակցութեան համեմատութիւնը եղաւ շուրջ 60 տոկոս:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ երկրէն ամերիկացի զինուորները հեռացնելու աշխատանքը կը շարունակուի: Ըստ հրամանատարութեան, ներկայիս 96,000 ամերիկացի զինուորներ կան Իրաքի մէջ, եւ աշխատանք կը տարուի այդ թիւը 50,000ի իջեցնելու՝ մինչեւ Սեպտեմբեր: