«Սապահ»ի մէջ յայտնի քրոնիկագիր Էնկին Արտըչ նախընթաց օր (Փետրուար 24-Խմբ.) շատ ուժեղ հակազդեցութիւն ցոյց տուած էր Տէնիզ Պայքալի դէմ, որ, պաշտպանելու համար լախտի գործողութեան հարցով հսկողութեան տակ առնուած բարձրաստիճան զինուորականները, զանոնք նմանցուցած էր Ա. Աշխարհամարտի օրերուն դատուելու համար անգլիացիներու կողմէ Մալթա աքսորուած հայրենասէր Իթթիհատական թուրք քաղաքագէտներուն եւ ըսած էր որ այս դատավարութենէն ալ բան մը դուրս պիտի չգայ, ինչպէս ոչինչ դուրս եկաւ Մալթայի դատավարութենէն։
Մալթայի հետ այս բաղդատութեան է որ դէմ կուգայ Էնկին Արտըչ «Ի՞նչ Մալթա- եահու» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ։ Արտըչ կ՛ըսէ որ միշտ «հիացած է» պատմական նիւթերու մասին Ճէ-Հէ-Փէցիներու ունեցած գիտութեան վրայ։ Այս խնդրին մէջ ալ Տէնիզ Պայքալ անգիտութեան օրինակ մը կուտայ ու արդէն կը խօսի ճիշդ ալ Էրկէնէքոնի ամբաստանեալները պաշտպանող փաստաբանի մը ոճով։ Ապա Արտըչ կ՛ըսէ բուն իսկ ճշդումը։ Տէնիզ Պայքալին կը յիշեցնէ թէ Մալթա աքսորուածները անգլիացիներու կողմէ չաքսորուեցան որպէս թուրք հայրենասէր քաղաքագէտներ, այլ աքսորուեցան որպէս հայերու դէմ կատարուած կոտորածներէն պատասխանատու մարդիկ, մարդիկ որոնք մարդկութեան դէմ յանցանք գործած էին։ Յետոյ սխալ է նաեւ Պայքալի այն պնդումը թէ Մալթայի դատավարութենէն ոչինչ դուրս եկաւ։ Ճիշդն այն է որ Մալթայի մէջ դատավարութիւն տեղի չունեցաւ։ Անգլիացիները վերջին վայրկեանին հրաժարեցան դատավարութենէ, որովհետեւ Անատոլուի մէջ Քէմալական շարժումը Թուրքիոյ ի նպաստ զարգանալ սկսած էր ու անգլիացիները վերջին վայրկեանին նախընտրեցին Թուրքերու հետ համաձայնիլ, այդ պատճառաւ ալ ազատ արձակեցին Մալթայի աքսորեալները, որոնք հայրենասէր հերոսներ հռչակուեցան, ինչպէս որ հայրենասէր հերոս հռչակուած էր Պողազլեանի գայմաքամ Քէմալ Պէյը, որ կախաղան հանուեցաւ։ Ան կախաղան հանուեցաւ հայերու դէմ գործուած ոճիրներէ որպէս պատասխանատու, բայց ժամանակի ընթացքին «հայեր» բառը սրբուեցաւ ու Քէմալ պէյ ցոյց տրուեցաւ որպէս հայրենասէր հերոս։
Էնկին Արտըչ հեգնանքով կը գրէ, որ կը թուի թէ Տէնիզ Պայքալ տակաւին կը մնայ այն գիտելիքներով որոնք վաթսուն տարի առաջ Ազգային Շէֆ Ինէօնիւի շրջանին դպրոցը սորվեցուցած էին իրեն, եւ լուացած էին անոր ուղեղը։
«Մարմարա»