ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ եւս երեսփոխաններու փոքր խմբակ մը ձեռնարկած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչուած շարժումի մը։ 350 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մէջ շարժումը կու գայ հինգ կամ վեց երեսփոխաններէ, որոնք կողմնակից են խորհրդարանին մէջ Ցեղասպանութեան մասին քննարկում կատարելու գաղափարին: Անոնք նաեւ կը պահանջեն, որ Եւրոմիութիւնը միջնորդի դեր կատարէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ հաստատուած բնականոնացման գործընթացին մէջ։
Յայտնենք, թէ Շուէտի խորհրդարանը Մարտ 11ին, օրակարգին պիտի բերէ բանաձեւ մը, որ կ՛անդրադառնայ հայերու, ինչպէս նաեւ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու, քլտանիներու դէմ գործուած սպանդներուն։ Այլ խօքսով, Շուէտացիները աւելի լայն գետնի վրայ ամբաստանութիւններ պիտի ուղղեն Թուրքիոյ հասցէին։ Շուէտի խորհրդարանի Կանաչներու թրքական խմբակի երեսփոխաններէն Մեհմետ Քափլան «Զաման»ին յայտնեց, թէ ցաւալի կը նկատէ, որ այսպիսի բանաձեւ մը օրակարգի կը բերուի ճիշդ այն պահուն, երբ Թուրքիա կը փորձէ Հայաստանի հետ կապերը բնականոնացնել: