Թրքական «Հապեր 27» կայանը կը փոխանցէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ միակ կուսակցութեան՝ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան, Պիթլիսէն ընտրուած երեսփոխան Մեհմետ Նեզիր Քարապաշ, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը՝ յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանէն ներում հայցէ։
Քարապաշը նշած է, որ դարասկիզբին հայերուն հետ տեղի ունեցածը երբե՛ք Թուրքիոյ մէջ չէ քննարկուած ու չէ ընդունուած, եւ ամօթ է, որ Ապրիլ 24ի նախօրեակին Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրներու խորհրդարանները քննարկեն զայն, եւ ոչ թէ Թուրքիան: