ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի նախագահը չկրցաւ դիմադրել Թուրքիոյ ճնշումներուն: Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ուղիղ հեռաձայնային կապին հետեւեցաւ Սպիտակ տան նոյնքան ուղղակի միջամտութիւնը՝ Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման գործընթացին:
Վստահ ենք, որ Կիւլը աղերսական ոճով չէ դիմած Միացեալ Նահանգներու նախագահին: Կրնայ նոյնիսկ սպառնական ոճով խօսած չըլլալ թուրք ղեկավարը: Ի՞նչ կարիք կայ նեղանալու: Դիւանագիտութիւնը առեւտուրի, սակարկութեան արուեստ է, եւ ամէն ինչ իր գինը ունի, նոյնիսկ՝ արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը: Օպաման ո՛վ է, որ տարբերուի միւսներէն: Ինքն ալ ունի իր գինը, իր օրակարգը, որուն համար կրնայ սակարկութեան դնել սկզբունք, բարոյական արժէքներ:
Ուղղակի մեղքանալ կարելի է աշխարհի հզօրագոյն երկրի ղեկավար դարձած Օպամային: Ողբերգական կերպար մը դառնալու յատկանիշներ սկսած է ցուցաբերել վեհ ու ազնիւ գաղափարներով, տիրող համակարգը յեղաշրջելու խոստումով ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ իշխանական դիրքի հասած երիտասարդ նախագահը:
Ողբերգական, որովհետեւ իր այս կարճատեւ ղեկավարութեան շրջանին լաւագոյն տրամադրութիւններով կատարեց զիջումներ, որոնք ոչ մէկ ծրագիր կամ օրակարգ լուծելու ծառայեցին, այլ միայն վնաս հասցուցին իր վարկին ու սովորական քաղաքագէտի մը կարգավիճակին արժանացուցին զինք, եւ իբրեւ այդպիսին՝ խոստմնադրուժ ու անվստահելի գործակիցի հռչակ ապահովեցին իրեն:
Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկումն ալ նոյն կացութեան առջեւ դրաւ նախագահ Օպաման: Դաւաճանեց իր խոստումներուն, դաւաճանեց իր սկզբունքներուն, դարձաւ դաշնակից՝ ուրացող իշխանաւորներուն, եւ ի՞նչ շահեցաւ: Բանաձեւը անցաւ, թէկուզ քիչ առաւելութեամբ, բայց անցաւ, ու նախագահ Օպաման իր վարքով խզեց իր կապերը իրեն հանդէպ այնքա՛ն մեծ համակրանք ունեցող հայ քուէարկողներուն հետ:
Իսկական ողբերգական վիճակ մը: