ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի այսօրուան քննարկումը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ եւ քննարկման նախօրէին սկսած ու տակաւին շարունակուող թրքական պետական ու քաղաքական շրջանակներու բարձրացուցած աղմուկը՝ համայն մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրին միջազգայնացման ուղղութեամբ, մեծ ոստում մը ապահովեցին:
Թրքական կառավարական ամբողջ համակարգը, ի տես աշխարհին, բացէ ի բաց, սպառնալիքներով լծուած է բանաձեւին դէմ պայքարին՝ հիմնովին փոխելով անցեալին որդեգրած անուղղակի ճնշումներու ճամբով գործելու մարտավարութիւնը:
Թուրք-ամերիկացիներու համայնքի, ռազմական ճարտարարուեստի ներկայացուցիչներու կամ այլեւայլ ձեւերով իր ճամբարին մէջ առած թրքամէտ քոնկրեսականներու ետին թաքնուելու ու միջանցնքներու մէջ աշխատելու երբեմնի գործելակերպը, որ, պէտք է ըսել, բաւական արդիւնաւէտ եղած էր անցեալին, կարծես սպառած է ինքզինք ու նոր պայմաններու տակ թուրք դիւանագէտները մղած է դիմելու աւելի կոշտ, բացայայտ ու ճակատային հակազդեցութեան:
Մեր գնահատումով, այս մարտավարութիւնը պարտադրուեցաւ Տաւութօղլուի նուրբ ճպոտով ղեկավարուելու տրամադրուած թրքական դիւանագիտութեան վրայ, որ ինքզինք գտաւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները իր բեմադրութեամբ յառաջ տանելու անարգել արշաւին մէջ չհաշուարկուած կամ թերագնահատուած ազդակներու առջեւ, որոնցմէ ամէնէն անհաճոն ու տաղտկալին Հայկական Սփիւռքի գործողութիւններն էին՝ անոր կարեւորագոյն օճախներէն, ամերիկահայութեան քաղաքական կազմակերպուածութեամբ:
Դարձեալ մեր գնահատումով, բանաձեւի այսօրուան քուէարկութեան արդիւնքէն անկախ, Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը արդէն ձեռք ձգած է յաղթականօրէն շարունակելու թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ քարոզչական յաւելեալ տուեալներ՝ շնորհիւ թրքական ձախաւերութեանց:
Ամէնէն կարեւորը՝ Թուրքիա պէտք է անդրադառնար, որ անարդարութեան, սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած պայքարը կարելի չէ բաց ճակատներու վրայ յաղթել. այդ տեսակի պայքարը ունի իրեն յատուկ դաւադիր ոճը, զոր անցեալին վարպետօրէն օգտագործած էին թուրք ղեկավարները: