Ո՞րն Է Ապօրինին, Ո՞րն Է Օրինաւորը
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան հարցը դժբախտաբար մտած է դժուար լուծելի հանգրուանէ մը ներս։ Կրօնական Ժողովի ու Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի միջեւ ծագած լուրջ տարակարծութիւնը, ինչպէս այլեւս բոլորը գիտեն, թնճուկի մը վերածուեցաւ։ Հիմա յայտնի չէ թէ ով ինչ պիտի շահի այս կացութենէն։

Բայց այս նիւթին մասին խորհրդածելը յաջորդ առիթի մը թողելով այսօր այստեղ պիտի ուզենք անդրադառնալ «Ժամանակ»ի Խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ 19 Փետրուարի թիւով հրատարակուած «Սխալ՝ սխալի վրայ» խորագրեալ յօդուածին։ Երկարաշունչ յօդուածին տակաւին սկզբնական մասին մէջ արձանագրուած նախադասութիւն մը մեզ կը ստիպէ որ ակամայ մեր կարծիքը յայտնենք այդ մասին։ Գօչունեան գրած է.
«Ժողովրդական շատ պարզ ու դիպուկ բանաձեւումով, աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու վերաբերեալ ապօրինի առաջարկը կը նմանի խենթի մը կողմէ հորը նետուած քարին, զոր դուրս բերել կարելի չ՛ըլլար խելացիներու կողմէ»։
Այս նախադասութիւնը խորապէս վիրաւորական է մասնաւորաբար մեզի համար, որովհետեւ Արա Գօչունեան շատ լաւ գիտէ որ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու գաղափարը առաջին անգամ մեր ստորագրութեամբ էր որ առաջարկուած էր հանրութեան։ Աւելին, Նախաձեռնարկ Մարմնի հետ մամլոյ ներկայացուցիչներու ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ մենք յիշեցուցած էինք այս կէտը եւ ինք ալ անդրադարձած էր իր թերթին մէջ։ Հիմա ուրեմն Արա Գօչունեան մեզ «խենթ» կ՛որակէ, խենթ մը որուն նետած քայլը խելացիներ չեն կրնար հորէն դուրս բերել։ Կը թուի թէ այս պարագային խելացիներէն մէկն ալ ինքն է։
Արա Գօչունեանի այս նմանութիւնը բնաւ ալ «շիք» չէ։ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու առաջարկը իր կարծածին պէս խենթի մը կողմէ հորին մէջ նետուած քար մը չէ։ Ինք կրնայ կողմնակից չըլլալ այդ գաղափարին, բայց ատիկա իրեն իրաւունք չի տար դիմացինը խենդ հռչակելու։ Մենք ալ իրաւունք կ՛ունենանք ըսելու որ երանի՜ թէ այս համայնքէն ներս մեզի պէս քանի մը «խենթ»եր եւս գոյութիւն ունենային, փոխանակ այն բարեմիտներուն որոնք հիմա համայնքային զանազան կազմակերպութիւններէ ներս իրենք զիրենք գործի վրայ կը կարծեն։
Նոյն նախադասութեան մէջ շատ խոշոր բառ է նաեւ սա «ապօրինի» յորջորջումը։ «Աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու վերաբերեալ ապօրինի առաջարկը» կ՛ըսէ մեր պաշտօնակիցը։ Հոս ալ բառը ոչ միայն ծանր է, այլ նաեւ սխալ է։ Եթէ ճիշդ գիտենք, ապօրինի ըլլալ կը նշանակէ սա կամ նա օրէնքին դէմ եկած ըլլալ։ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու առաջարկը արդեօք մեր ո՞ր օրէնքին դէմ կուգայ որպէսզի «ապօրինի» հռչակուի։ Կա՞յ այսպիսի օրէնք մը։ Եթէ մեր եկեղեցական կանոնագրութեան կամ սահմանադրութեան մէջ կայ օրէնքի յօդուած մը, ուր ըսուած է թէ կարելի չէ աթոռակից պատրիարք ընտրել, այդ պարագային այո, առաջարկը ապօրինի կը նկատուի։ Բայց, որքան որ գիտենք այդպիսի օրէնք մը չկայ։ Գոյութիւն չունեցող օրէնքի մը դէմ ապօրինութիւն ալ չի գործուիր։ Ուստի ապօրէն յորջորջումը ծանր ու անվաւեր է։
Բայց եթէ պահ մը ընդունինք որ աթոռակից պատրիարք ընտրելը ապօրինի է, նոյնքան ապօրինի չէ՞ր արդեօք աթոռակից պատրիարք ընտրելու համար կազմուած Նախաձեռնարկ Մարմնին կողմէ Պատրիարք մը ընտրելու ինքնագլուխ որոշումը։ Եթէ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելը ապօրինի էր, թող չընդունէին այդ պարտականութիւնը։ Բայց այս ալ հիմա այնքան կարեւոր չէ, որքան սա միւս հարցումը։
Օրինաւոր ի՞նչ բան է որ կ՛առաջարկեն բոլոր անոնք, որոնք Արա Գօչունեանին նման դէմ կուգան Աթոռակից Պատրիարքի գաղափարին ու կը պաշտպանեն լիիրաւ Պատրիարք ընտրելու գաղափարը։ Արա Գօչունեան կամ անոր համախոհներէն ոեւէ մէկը թող յստակ կերպով պատասխանէ մեզի թէ նոյնքան «ապօրինի» չէ՞ արդեօք նոր Պատրիարք մը ընտրելը, երբ Աթոռին վրայ Պատրիարք մը կայ արդէն։ Որքան ատեն որ Պատրիարքը Պատրիարք է, նոր Պատրիարք չէք կրնար ընտրել։ Անշուշտ խնդիրը կը փոխուի եթէ հիւանդ անբախտ Պատրիարքը Պատրիարքական պաշտօնէ ազատ արձակուի, այսինքն եթէ վերջ տրուի անոր Պատրիարքի հանգամանքին։ Մինչեւ այսօր Աթոռակից Պատրիարքի առաջարկին դէմ եկողները, որքան ալ դէմ եկան այս գաղափարին, յստակ կերպով չըսին որ կ՛ուզեն Պատրիարք Հայրը պաշտօնանկ հռչակել։ Եթէ ա՛յդ է որ կ՛ուզեն, թող բարեհաճին ճերմակի վրայ սեւով ու յստակ կերպով ըսել թէ իրենք կողմնակից են որ Մեսրոպ Պատրիարքի պաշտօնին վերջ տրուի։ Հիմա հարց չտանք թէ այսպիսի նախաձեռնութիւն մըն ալ «ապօրինի» կ՛ըլլա՞յ թէ ոչ, միայն հարց տանք թէ ի՞նչպէս պաշտօնազուրկ պիտի հռչակեն Պատրիարք Հայրը, երբ ամէն մարդ գիտէ որ «օրիանաւոր»ը այն է թէ մեր Պատրիարքները ցկեանս Պատրիարք են։ Թերեւս այս բանը ընելու համար անոնք պիտի հիմնուին բժշկական տեղեկագիրներու վրայ, ինչ որ մեզի դարձեալ իրաւունք պիտի տայ հարցնելու թէ բժշկական սա կամ նա տեղեկագրով մը Պատրիարք մը պաշտօնանկ ընելն ալ այնքան «ապօրինի» չէ՞ որքան ապօրինի է Աթոռակից Պատրիարք ընտրելը։ Բայց նոյնիսկ եթէ կ՛ուզեն այդ վերջին լուծումը ընտրել, այսինքն Պատրիարքը հիւանդութեան պատճառաւ պաշտօնանկ ընել, այդ պարագային թող յստակ կերպով ըսեն թէ այդպէս կ՛ուզեն։ Արա Գօչունեան իր վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կը գրէ որ հարցի լուծման համար պէտք է Եկեղեցական Համագումար մը կազմուի ու այս «Համագումարը պէտք է երաշխաւորէ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները»։ Չակերտի մէջ առնուած այս խօսքը խախուտ ու լպրծուն է, չ՛ըսեր այն ինչ որ պէտք է ըսէ։ Ի՞նչ կը նշանակէ «երաշխաւորութեան տակ առնել Մութաֆեան Պատրիարքին արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները»։ Նիւթակա՞ն իրաւունքներու մասին է խօսքը, թէ ոչ բարոյական իրաւունքներու։ Հասկցանք, անշուշտ որ այսօր ամէնէն արժանավայել կերպով պիտի պաշտպանուին հիւանդ Պատրիարքին կենցաղային ու գոյատեւման նիւթական իրաւունքները, անշուշտ որ այսօր ոչ մէկը որեւէ ձեւով պիտի չվիրաւորէ հիւանդ անբախտ Պատրիարքի մը արժանապատուութիւնը, բայց վե՞րջը։ Պատրիարքը Պատրիարք պիտի մնա՞յ թէ ոչ, այս մասին խօսք չկայ այդ նախադասութեան մէջ։
Յետոյ ո՞վ երաշխաւոր պիտի ըլլայ Եկեղեցական համագումարի երաշխաւորութեան համար։ Քանի մը տարի վերջ ո՞վ պիտի հաւատարիմ մնայ այն զգայնութեան զոր այսօր համայնքը ցոյց կուտայ Մեսրոպ Պատրիարքին արժանապատուութեան ու իրաւունքներուն նկատմամբ։ Ո՞վ պիտի ապահովէ որ նորեկ Պատրիարքը յարգէ Մեսրոպ Սրբազանին ապագայ իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։
Թող արտօնուի որ ուղղենք նաեւ սա հետաքրքրական հարցումը։
Եթէ աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու առաջարկը այդքան ապօրինի էր, ի՞նչպէս պատահեցաւ որ Պատրիարքական երեք թեկնածուներն ալ չհակառակեցան այդ առաջարկին, ընդհակառակը սիրով ընդունեցին զայն։ Աթոռակիցի դէմ եղողները հիմա չըլլա՛յ որ ըսեն թէ թեկնածուները ընդունեցին, որովհետեւ անոնց խնդիրը անգամ մը Աթոռին վրայ բազմիլն է, այդ պատճառաւ ալ դէմ չեկան այդ ապօրինութեան։ Չըլլա՛յ որ ըսեն այսպիսի բան մը, որովհետեւ անոնք այս կերպով պատեհապաշտ ու ապօրինութիւններու դէմ աչք գոցող մարդ հռչակած կ՛ըլլան այն երեք անձերը որոնցմէ մէկը վաղը իրենց կողմէ ուրախութեամբ պիտի ողջունուի որպէս Պատրիարք։
Շատեր չկրցան դժբախտաբար հասկնալ որ «Աթոռակից Պատրիարք»ի գաղափարը մէջտեղ նետուած է ճիշդ ալ Մեսրոպ Պատրիարքին արժանապատուութեան ու ամէն տեսակէ իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար։ Մենք ժողովի ընթացքին ալ ըսինք։ Աթոռակից Պատրիարքի գաղափարը մեր առաջարկն էր, բայց չենք պնդեր անոր վրայ եթէ աւելի տրամաբանական ու արդար լուծում մը գտնուի։ Միայն թէ սա պահուն անսակարկ կերպով կը հաւատանք թէ ամէնէն ճիշդ լուծումը այս առաջարկին մէջ է, նոյնիսկ եթէ ան առաջարկուած ըլլայ խենթի մը կողմէ։
Վերջին խորհրդածութիւն մըն ալ ընենք։ Արա Գօչունեան ու համախոհները կը պնդեն թէ համայնքին մեծամասնութիւնը դէմ է Աթոռակից Պատրիարքի գաղափարին։ Ո՞ւրկէ գիտեն։ Հանրաքուէ՞ մը ըրած են։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»