ՊՈԼԻՍ.- Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Ֆարուք Լոկօղլու «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ եթէ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները փակուղի մտնեն, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերը յաւելեալ աշխատանք պիտի տանեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու նպատակով: Ըստ նախկին դեսպանին, հայութիւնը մէկ կողմէ կը փորձէ նախագահ Պարաք Օպամայէն յստակ յայտարարութիւն մը ապահովել, իսկ միւս կողմէ աշխատանք կը տանի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու:
Անոր կարծիքով, Օպամայի ելոյթը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը դժուար թէ արտասանէ «ցեղասպանութիւն» բառը, որովհետեւ այդ ձեւով կը վտանգէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Սակայն Քոնկրեսին մէջ կ՛աճի հայկական լոպպիին եւ անոր քաղաքական հովանաւորներուն ճնշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը ընդունելու հարցին գծով։ Լոկօղլուի կարծիքով, հայերուն յաջողութեան հասնելու առիթները մեծ են, որովհետեւ տկարացած են օրինագիծի ընդունման մշտապէս հակազդող հրէական լոպպիին ճնշումները։
«Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն մտածեր այն մասին, որ օրինագիծի ընդունումը կրնայ ծանր հարուած հասցնել ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններուն։ Իբրեւ բողոքի նշան, Թուրքիան կրնայ փակել Ինճիրլիքի ռազմակայանը», ազդարարած է դիւանագէտը։
Անոր համաձայն, հայերը պիտի չսահմանափակուին Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի վաւերացումով, եւ անկէ ետք «պիտի գայ տարածքային հաւակնութիւններու, նիւթական փոխհատուցման եւ Թուրքիոյ ներկայացուելիք այլ պահանջներու կարգը»:
Թերթը, իր կարգին կ՛աւելցնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին վաւերացման հաւանականութիւնը շատ մեծ է։
Թերթը կը յիշեցնէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացուած է նաեւ 2000, 2005 եւ 2007 տարիներուն, սակայն Միացեալ Նահանգներու վրայ Թուրքիոյ ուժեղ ճնշումին հետեւանքով, բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին չէ հասած։
Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի, այս տարի շատ բան փոխուած է։ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ներկայ կազմը յօգուտ Անգարայի չէ։ Անոր 46 անդամներէն 23ը, հիմնականին մէջ՝ դեմոկրատներ, 2007ին քուէարկած է բանաձեւին ի նպաստ։ Յանձնախումբի 6 նոր անդամներէն 2ը Ցեղասպանութեան բանաձեւի հովանաւորներ են եւ, ի հարկէ, թեր պիտի քուէարկեն։ Բացի ատկէ, հանրապետականներուն մէկ մասը եւս կրնայ հաւանութիւն տալ բանաձեւին՝ փորձելով դժուար դրութեան մատնել Օպաման։