ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Ներկայացնելով կազի գինի բարձրացման ազդեցութիւնները մեղմացնելու համար խմբակցութեան կողմէ մշակուած առաջարկը՝ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարած է. «Եթէ վերցնենք այն հաշուարկը, որ միայն կազի գնի այս բարձրացման դէպքում պետական պիւտճէ մուտքագրուելու է 5 միլիառ դրամից աւելի գումար՝ լրացուցիչ հարկերի տեսքով, ապա կառավարութիւնը, կարծում եմ, պարտաւոր է իրականացնել թիրախաւորուած նպատակային ծրագիր, յատկապէս՝ սոցիալապէս անապահով խաւերի համար»:
Իբրեւ օրինակ, Ա. Մինասեան նշած է, որ կառավարութիւնը կրնայ ընտանեկան նպաստներու համակարգէն ներս, իւրաքանչիւր ընտանիքի փոխհատուցում տալ: Անոր խօսքով, իրենց կատարած հաշուարկներուն համաձայն՝ «եթէ 130 հազար սոցիալապէս անապահով ընտանիք կայ Հայաստանում եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար կազի գնի թանկացմամբ ամսեկան բեռը չի գերազանցի 3000 դրամը, ապա այդպիսի գումարը լիարժէքօրէն տեղաւորւում է պետական պիւտճէ՝ հարկային տեսքով եկող եկամուտների շրջանակում»:
Ա. Մինասեան նաեւ առաջարկած է կազի գինի հետագայ բարձրացումները կանխորոշիչ դարձնել, որպէսզի ժողովուրդն ու ձեռնարկատէրերը հնարաւորութիւն ունենան յստակ քաղաքականութիւն իրականացնելու այդ ուղղութեամբ:
«Առաջարկում ենք, որ կառավարութիւնը, Կենտրոնական պանքը, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը, Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովը եւ «Հայռուսկազարդ»ը համատեղ կազմակերպեն մի քննարկում՝ քննարկելու այս ոլորտում լուրջ բարեփոխումներ իրականացնելու հարցը», յայտնած է Ա. Մինասեան: