ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վէմ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 130ամեակին նուիրուած պետական հանդիսութիւններու շարքին, Փետրուար 19ին կայացաւ նաեւ «Արամ Մանուկեան» փաստաթուղթերու ժողովածուին շնորհահանդէսը։
Գիրքին մէջ զետեղուած են 1918ի մայիսեան հերոսամարտի օրերուն Արամ Մանուկեանի գործունէութեան եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտման վերաբերեալ՝ Հայաստանի ազգային, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Պոսթընի արխիւներուն մէջ պահպանուած բոլոր փաստաթուղթերը, լուսանկարները, նամակներն ու յուշերը։
«Այս դէմքը պէտք է դառնայ մեր պետականութեան, մեր քաղաքական շերտի համար օրինակելի անձ։ Այն հասարակութեան մէջ, որտեղ ասում են, որ քաղաքական գործիչը պիտի խելք չունենայ, որ ամէն բան շուկայական յարաբերութիւններով է չափւում, որտեղ ռոմանթիզմը չգիտեմ ինչ է, գիտակցաբար պէտք է այս պետականութիւնը Արամ Մանուկեանին կուռք դարձնել, եւ ոչ թէ հասարակ ժողովրդի, այլ հէնց իրե՛նց համար՝ քաղաքական գիրծիչների», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը։
Նշենք, որ Ա. Մանուկեան 130ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները աւարտած են Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնին մէջ, ուր պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած էր այդ առթիւ հանդիսաւոր նիստ մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.