ՎԷՆ ՆԱՅՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը ունեցած է քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հետ, քննելու համար Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով տարուելիք աշխատանքները:
Խորհրդակցութեանց մասնակցած են նաեւ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները:

Շըրմըն, որ բարձրաստիճան անդամ մըն է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, խոստացած է դէմ դնել Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը կասեցնելու նպատակով՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց ճնշումներուն:
Յայտնենք, թէ 1997ին Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուելէն ի վեր, Շըրմըն նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն եւ նպաստած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամերիկեան օժանդակութիւն ապահովելու ջանքերուն:
Քոնկրեսական Շըրմընի հետ քննուած են նաեւ համայնքը մտահոգող շարք մը այլ հարցեր եւս: