ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը իր երէկուան նիստով հաւանութիւն տուաւ «Միջազգային պայմանագրերի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու օրինագիծին, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանին չեղեալ համարելու միջազգային որեւէ պայմանագիր, որ կը հակասէ պետութեան շահերուն:
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած այս օրինագիծը կը ներկայացուի իբրեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացէն «ելք»ի ռազմավարութիւն, այն պարագային, երբ Հայաստան Թուրքիայէն առաջ ստորագրէ արձանագրութիւնները եւ հետագային Թուրքիա դրժէ իր պայմանաւորուածութիւնները:
Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը նաեւ երէկ, նախնական քննութեան կարգով, օրակարգի հարց դարձուց հայ-թրքական արձանագրութիւններու փաթեթը: Յանձնաժողովը, առաջին հերթին, հաւանութիւն յայտնեց իր նախագահին՝ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանի կողմէ, ԱԺ նախագահին տրուած դիմումին, ուր կ՛առաջարկուի, որ առանց գլխադասային յանձնաժողովի եզրակացութեան, այսիքն՝ առանց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի եզրակացութեան, արձանագրութիւնները չներկայացնել խորհրդարանի լիագումար նիստի քննարկման: Ազգային ժողովի կանոնակարգին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը ցանկացած պահուն կրնայ որեւէ օրակարգ դնել քննարկման:
Յանձնաժողովը նաեւ հաւանութիւն տուաւ «Ժառանգութիւն»ի ղեկավար Ստեփան Սաֆարեանի առաջարկին՝ նախքան խորհրդարանական քննարկումները հայ-թրքական արձանագրութիւններուն նուիրուած խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու եւ միայն այդ լսումներէն ետք յանձնաժողովի եզրակացութիւնը ներկայացնելու մասին:
Որոշուեցաւ նաեւ ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի մշակէ յանձնաժողովին կողմէ հարցի քննարկման ընթացակարգը:
Յանձնաժողովի անդամները միաձայնութեամբ հաստատած են նաեւ օրակարգին մէջ աւելցնել ՀՅԴ խմբակցութեան հեղինակած՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմի սանձազերծման համար պատասխանատուութեան մասին օրինագիծը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.