ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Յովան Թաշճեան այսօրուան իր գրութեամբ կը սկսի թերթիս ընթերցողներուն ներկայանալ «ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ» վերնագրով շաբաթական իր սիւնակով, որ յառաջիկայ Շաբաթ օրուընէ սկսեալ լոյս պիտի տեսնէ չորրորդ էջով: Կ՛ողջունենք շրջանիս մէջ իր հրապարակային ելոյթներով ու յօդուածներով արդէն իսկ յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Յովան Թաշճեանի աշխատակցութիւնը:
Ապրիլ 22, 2009ին ճանապարհային քարտէսով մեկնարկած հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման արկածախնդրութիւնը կը թուի թէ կը մօտենայ իր տխուր աւարտին։ Սահմանադրական Դատարանի Յունուար 12, 2009ի անհասկնալի որոշումէն ետք, Փետրուար 10, 2010ին Սերժ Սարգսեանի կողմէ Լոնտոնի մէջ կատարուած յայտարարութեամբ սկիզբ առաւ Ազգային Ժողովին մէջ եւս այդ տխրահռչակ արձանագրութիւնները վաւերացնելու արարը։
Սահմանադրական Դատարանի որոշումէն ետք, պահ մը կարծէք ոմանց մօտ ստեղծուած էր այնպիսի ակնկալութիւն, որ ժողովրդային ընդվզումին ու բողոքին անսալով եւ Սահմանադրական Դատարանի կատարած մատնանշումները հիմք ընդունելով Սերժ Սարգսեան գուցէ անդրադարձած ըլլայ գործուած ահաւոր սխալին եւ արձանագրութիւնները որոշ վերապահութիւններով յղէ Ազգային Ժողով։ Այդպէս չեղա՛ւ։ Սահմանադրական Դատարանի որոշումին մէջ դրական նշոյլներ որոնելու յոյսերուն վրայ սառ ջուր թափելով, առանց դոյզն ընկրկումի, նոյնիսկ արձանագրութիւններու բովանադակութեան մէջ առանց նշանախեց մ՛իսկ փոխելու, Սարգսեան զանոնք յղեց Ազգային Ժողով՝ առ ի վաւերացում, շարունակելով մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար նուաստացուցիչ ու ծանր վտանգներով յղի ապազգային քաղաքականութիւնը։
Սահմանդրադական Դատարանի հեղինակութեան եւ անկախութեան վրայ մռայլ ստուեր մը ձգելէ ետք, ահաւասիկ Սերժ Սարգսեան կը պատրաստուի նոյնքան ստորնացուցիչ դերակատարութեան մղել նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովը։ Արդարեւ, Լոնտոնի Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկին՝ Չաթըմ Հաուսի մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին ան յստակօրէն յայտարարեց՝ «Իբրեւ Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավար կը վերահաստատեմ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ (Հայաստան – Թուրքիա) արձանագրութիւններուն վաւերացումէն ետք, կը բացառուի Հայաստանի մէջ անոնց տապալումը»։
Այլ խօսքով, Սերժ Սարգսեան կը յայտարարէ որ Ազգային Ժողովին մէջ որեւէ քննարկում եւ կարծիքներու փոխանակում անիմաստ է։ Կարեւորը Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ անոնց վաւերացումն է, որմէ ետք իր միանձնեայ իշխանութեամբ ինք կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ անոնց վաւերացումը։ Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնասիրութիւնը վիրաւորող, ստորնացուցիչ ու թշնամիի նախապայմաններուն համակերպող այս քաղաքականութիւնը բազմաթիւ վտանգներով կը ծանրացնէ իրավիճակը եւ կ՛արգելակէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու կայացման ու զարգացման գործընթացը։
Չոր ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ Սերժ Սարգսեան ժամանակ չունի ժողովրդավարական գործընթացներով առաջնորդուելու, այլ վճռած է իր ղեկավարած ընտրութիւններուն ծանօթ ոճով Ազգային Ժողովին մէջ եւս հաստատել այդ արձանագրութիւնները։
Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ համապատասխան քննարկումը, պատգամաւորներուն կողմէ ինքնուրոյն մտածելու եւ կողմնորոշուելու ազատութիւնը կը թուի թէ աւելորդ պերճանքներ են։ Այլեւս դատական, օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններու տարանջատումի եւ իրարմէ անկախ գործելու ժողովրդավարական սկզբունքը եւ անոր նկատմամբ յարգանքը կը դառնան իմաստազուրկ։ Իբրեւ ՀՀ նախագահ եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան իրողական ղեկավար ան միջազգային հանրութեան ու Թուրքիոյ առջեւ անձնապէս կ՛երաշխաւորէ Ազգային Ժողովին կողմէ այդ արձանագրութիւններուն վաւերացումը, մինչ հանրապետական պատգամաւորները իրենց ղեկավարէն քայլ մը անդին անցնելով կ՛առաջարկեն առաջ անցնիլ եւ նոյնիսկ Թուրքիայէն առաջ վաւերացնել արձանագրութիւնները։
Հայ մարդու եւ քաղաքական գործիչի այս տեսակն է ահաւասիկ, որ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած է երկրի ղեկավարութիւնը ու կ՛արգելակէ մեր հայրենիքի ժողովրդավարական արժէքներով ու ազգային տեսլականով զարգանալու ընթացքը։
Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ե՛ւ ազգային ե՛ւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ դրական շրջադարձ մը տեսնելու յոյսերը ամէն օր քիչ մը աւելի կը նուազին։
Արձանագրութիւններու հրապարակումէն ի վեր շատ կը խօսուի անոնց վաւերացման հետ կապուած «ողջմիտ ժամանակահատուած»ին մասին։ Հայաստանի իշխանաւորներու բառամթերքին մէջ առաձգական հասկացողութեան վերածուած է «ողջմիտ ժամանակահատուած»ը։ Ոմանք զայն կը կապեն Ապրիլ ամսուան, հաւանաբար նկատի ունենալով այդ գծով սփիւռքահայութեան եւ մանաւանդ ամերիկահայութեան ցուցաբերած զգայնութիւնը, կամ նախագահ Օպամայի յառաջիկայ Ապրիլ 24ի ուղերձը եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած բանաձեւը։ Ուրիշներ, «ողջմիտ ժամանակահատուած»ը կ՛երկարեն մինչեւ տարեվերջ, եւ այսպէս՝ անվերջ կ՛երկարի այդ «ժամանակահատուած»ը, որուն «ողջմտութիւն»ը ըմբռնելու եւ ճշդելու անկարող կը թուին ըլլալ Հայաստանի իշխանութիւնները։
Մօտիկ, շատ մօտիկ անցեալի փորձառութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է կատարուած հաստատումին։
Պուրսայի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականներուն միջեւ ֆութպոլի խաղի նախօրեակին Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ «Ես մտածում եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա յաջորդ ֆութպոլային խաղի ժամանակ ես կա՛մ կ՛անցնեմ բաց սահմաններով, կա՛մ էլ կը լինենք դրա նախօրեակին»: Սա միակ յայտարարութիւնը չէր անշուշտ։ Ան միեւնոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւն կատարած էր նաեւ BBCի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին՝ «ես Թուրքիա կ՛երթամ ֆութպոլային հանդիպումը դիտելու, եթէ մեր սահմանները արդէն բաց ըլլան կամ եթէ մենք այդ սահմաններուն բացման նախաշեմին գտնուինք։ Այսինքն, եթէ թուրքերը կատարեն մեր պայմանաւորուածութիւնները, այդ բան մը կ՛ըլլայ, իսկ եթէ չկատարեն՝ մէկ այլ բան»։ Բնական է որ Սերժ Սարգսեանի նախատեսութիւնը չարդարացաւ։ Սահմանը մնաց փակ…. եւ ոչ միայն փակ, այլ բացուելու հաւանականութենէն շատ հեռու… իսկ Սերժ Սարգսեանը այսուամենայնիւ Հոկտեմբեր 14, 2009ին գնա՛ց Թուրքիա եւ Պուրսայի մարզադաշտին վրայ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Ապտուլլահ Կիւլին հետ անօրինակ հրճուանքով ըմբոշխնեց ֆութպոլի մրցումը ու իր մանկական լայն ժպիտով հիացաւ թրքական խումբի նշանակած կոլերով։
Հարկ չկայ «ողջմիտ ժամանակահատուած»ը անպայման տեղադրել ժամանակի եւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ։ Ո՛չ Ապրիլ ամիսը ոչ ալ մնացած տասնըմէկ ամիսները կրնան սահմանափակել այդ «ժամանակահատուած»ին «ողջմտութիւն»ը, որովհետեւ անգամ մը թուրքերուն հետ դիւանագիտական այս խաղին մէջ մտնելէ ետք, Հայաստան վաղուց կորսնցուցած է այդ գործընթացին վրայ ազդելու բոլոր լծակները։
Նոյնը կարելի է ըսել սկսուած գործընթացը դադարեցնելու գծով հնչած յայտարարութիւններուն մասին։
Հոկտեմբեր 14, 2009ի ֆութպոլային հանդիպումի «նախաշեմին» ու անկէ ետք, թուրքերը չկատարեցին Սարգսեանի նշած «պայմանաւորուածութիւնները»։ Ի՞նչ եղաւ։ Ոչի՛նչ։ Աւելին, ոչ միայն չկատարեցին «պայմանաւորուածութիւնները», այլ Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի հարցի կարգաւորման ու Թուրքիոյ իրողական սահամններու ճանաչման գծով հետզհետէ աւելի լկտի դարձան ու կոշտացուցին իրենց յայտարարութիւնները։ Դարձեալ՝ ի՞նչ եղաւ։ Ոչի՛նչ։
Լոնտոնի մէջ, Փետրուար 10ին եւս Սերժ Սարգսեան ազդարարող շեշտով մը յայտարարեց, որ «եթէ հաստատուեն կասկածները, թէ Թուրքիան փորձում է ընդամէնը ժամանակ ձգել, մենք ստիպուած կը լինենք դադարեցնել գործընթացը»։
Մարդ կը տարուի ակամայ հարց տալ՝ «հաստատուե՞ն կասկածները»։ Մենք այն տպաւորութեան տակ էինք, որ Սերժ Սարգսեան եւ իր թիմակիցները արդէն սկսած են ճանչնալ թուրքերը, անոնց հետ աշխատելու փորձ ձեռք կը բերեն, ու ամենակարեւորը՝ սկսած են սորվիլ իրենց գործած սխալներէն։ Տակաւին ի՞նչ հաստատումի կը սպասէ Սերժ Սարգսեան համոզուելու համար որ ինք ընդամէնը հերթական զոհն է թրքական դիւանագիտութեան նոր սադրանքին։ Ակամայ նոր հարցեր կ՛առաջանան մեր մօտ՝ կը «դադարեցնե՞ն գործընթացը»։ Անցեալի փորձը այդ առումով յոյսեր չի ներշնչեր։ Այս գործընթացի բեմահարթակին վրայ գտնուիլը անպայման չերաշխաւորեր զայն դադարեցնելու իրաւունքն ու կարողութիւնը ունենալը։ Կրկնենք. անգամ մը թուրքերուն հետ դիւանագիտական այս խաղին մէջ մտնելէ ետք, Հայաստան արդէն վաղուց կորսնցուցած է այդ գործընթացին վրայ ազդելու բոլոր լծակները։ Տարածաշրջանի քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող արտաքին ուժերուն համար Հայաստանի իշխանութիւնները կանխատեսելի են այլեւս, Հայաստանի կողմէ մատուցուելիք հաւանական անակնկալներու վտանգը վաղուց վնասազերծուած է։ Իսկ Սահմանադրական Դատարանի որոշումը, Սերժ Սարգսեանի Լոնտոնեան ու Երեւանեան վերջին ելոյթները եւ առհասարակ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայրենազրկումի, Արցախի հարցի կարգաւորման գծով իշխանական ճամբարէն հնչած յախուռն յայտարարութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ներքին սպառումի համար կատարուած յայտարարութիւններ, որոնց նկատմամբ արդէն սկսած է անտարբեր դառնալ հայ հասարակութիւնը։
Ազգահաւաքի, հայրենակերտումի ու պետական մեր տան հզօրացման բազմապիսի մարտահրաւէրներուն նկատմամբ հարկ եղած նախանձախնդրութիւնը չցուցաբերող Հայաստանի իշխանութիւնները, տարօրինակ խանդաղատանքով մը փարած են տխրահռչակ այդ արձանագրութիւններուն, որ կարծէք երկինքէն Աստուծոյ կողմէ տրուած սրբութիւն մը ըլլար, ու անօրինակ եռանդով ներգրաւուած են անոնց վաւերացման գործընթացին մէջ։
Երանի հրաշքով մը Ազգային Ժողովին խնայուի այն, ինչ որ պարտադրուեցաւ Սահմանադրական Դատարանին։
Շուտով Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի սկսի արձանագրութիւններու քննարկումին։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ բան մը փոխել անոնց մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ վերապահութիւններ կցել անոնց, դժուար է ըսել։ Հաւանաբար ո՛չ։ Պատահակա՞ն է արդեօք որ Թուրքիոյ նախագահը քանի մը օրեր առաջ՝ Փետրուար 11ին յայտարարեց, որ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու բովանդակութիւնը ենթակայ չէ փոփոխութիւններու»։ Ան Սահմանադրական Դատարանի որոշումին անվնաս ու անհետեւանք ըլլալը հասկցած ըլլալով ինքնավստահ կերպով ազդարարեց որ արձանգրութիւններուն մէջ «Բովանդակութեան կամ որեւէ դրոյթի փոփոխումը անթոյլատրելի է»։ Յիշեցման կարգով նշենք միայն, որ արձանագրութիւններու նախաստորագրումէն ետք Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ նոյնանման յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
Փաստը կը մնայ այն, որ ցարդ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները իրենց բնագրով մնացին անփոփոխ։ Ոչինչ փոխուած է անոնց բովանդակութեան մէջ։ Իսկ անոնց մեկնաբանութեան ու բացատրութեան համար հնչած յայտարարութիւնները իրաւական ոչ մէկ ուժ ունին, ժամանակին հետ կ՛անցնին ու կը մոռցուին։ Պատմութեան էջերուն իբրեւ չոր իրականութիւն, իբրեւ անողոք ու անհերքելի փաստ կը մնայ այդ արձանագրութիւններուն նուաստացուցիչ ու վտանգաւոր բովանդակութիւնը, իսկ գալիք սերունդները անպայման կը յիշեն զանոնք մշակող, ստորագրող ու վաւերացնող քաղաքական գործիչները։ Կը յիշեն։
Տակաւին ուշ չէ։ Հարկ է անմիջապէս «դադարեցնել գործընթացը» եւ նախաձեռնել հայութիւնը համախմբելու եւ Ազգին Տունը կարգի բերելու աշխատանքին։
Թուրքիոյ հետ հայութեան հարցերը կարգաւորելու համար այս արձանագրութիւնները չեն կրնար մեր մեկնակէտը դառնալ։