Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին, որ տօնն է նաեւ հայ քահանայութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ թեմի միաբան հայրերուն եւ քահանայից դասուն, այս տարի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին, Ազգ. առաջնորդարանէն ներս։ Համագումարին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Ս. Աթոռոյս երէց միաբաններէն եւ թեմի նախկին առաջնորդներէն Եփրեմ արք. Թապագեանը։
Համագումարը ընդգրկեց առաւօտեան ժամերգութիւն, նախատօնակ եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն, նիւթ ունենալով Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3րդ գլուխը, ուր յորդոր կը տրուի աղօթելու եւ աշխատելու, ինչպէս նաեւ քահանայութեան պաշտօնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի։
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեան խօսեցաւ «Քահանայական կոչումի» նիւթին մասին՝ նշելով կարեւոր ութ կէտեր, վեր բերելով Քրիստոսի օրինակով ճշմարիտ հովիւի կոչումին, նկարագրին եւ առաքելութեան հետ առնչուող էական յատկանիշները։ Համագումարը ընդհանրապէս զբաղեցաւ քահանայական պաշտօնի եւ առաքելութեան վերարժեւորման հրամայականներով, ինքնաքննութեան անկեղծ փորձերով լուսարձակի տակ առաւ հովուական, ծիսական-արարողական թէ վարչական պատասխանատուութեանց եւ պարտականութիւններու հոգեւոր դաստիարակչական բնագաւառները։ Նկատի ունենալով, որ 2010ը Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է «Հայ Կնոջ Տարի», համագումարը այդ ուղղութեամբ համապատասխան ժողովրդային ու դաստիարակչական բնոյթի ծրագիրներ մշակեց՝ թելադրելով ծխական շրջաններու հովիւներուն, որ յատկապէս Մեծ պահոց շրջանին անդրադառնան Սուրբ Գրային տիպարներու, ինչպէս նաեւ Վարք սրբոցի սրբուհիներուն կեանքին, եւ տարուան ընթացքին կազմակերպեն լսարանային եւ դասախօսական դաստիարակչական բնոյթով երեկոներ:
Երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից նուիրուած Ս. պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Վաղինակ վրդ. Մելոյեանը։ Յաւարտ պատարագին, հանդիսապետութեամբ առաջնորդին, հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Հիւս. Ամերիկայի մէջ ծառայած հոգելոյս եկեղեցականներու ու Արեւմտեան թեմին ծառայած ու այժմ հանգուցեալ, բոլոր եկեղեցականներու հոգւոց խաղաղութեան եւ լուսաւորութեան համար։ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը եզրափակուեցաւ Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց նուիրուած հայրենասիրական երգերու երգեցողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դպրաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։