Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը «Ղեկավարական սեմինար» ընդհանուր խորագրին տակ կազմակերպած է միօրեայ սեմինար մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 20, առաւօտեան ժամը 10էն կէսօրէ ետք ժամը 3, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214:
Շահեկան այս սեմինարին պիտի ներկայացուին երկու կարեւոր նիւթեր, որոնցմէ առաջինն է՝ «Առողջ Ղեկավարութիւն»ը, զոր պիտի ներկայացնէ «Siemens Healthcare Diagnostics Inc.» հաստատութեան կենսատարրաբան, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի եւ Շրջանային ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբի անդամուհիներէն Մարալ Փօլատեանը:
Երկրորդ նիւթը՝ «Միութեան Քարոզչութիւն (Հանգանակային/Յարաբերական)», պիտի ներկայացնէ «Closet World» ծանօթ հաստատութեան քարոզչական բաժնի փոխնախագահ եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանը:
Սեմինարի մասնակցութեան սակն է $20 (ճաշը ներառեալ): Մասնակցութեան համար կարելի է հեռաձայնել ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւին, կամ գրել office@arswestusa.org հասցէին:
Յանձնախումբի յաջորդ սեմինարը նուիրուած է Հայ կնոջ եւ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 27ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին մէջ, 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205: Մանրամասնութիւնները յառաջիկային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.