ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախորդ յօդուածներուս մէջ մատնանշեցի Թուրքիոյ խաբէական ծրագիրները՝ 10 Հոկտեմբեր 2009ին Հայաստանի հետ արձանագրութիւններու բանակցութեան եւ ստորագրումին մէջ։
Հայաստանը եւ միջազգային հանրային կարծիքը խաբել ծրագրելու կողքին, թուրք ղեկավարներ փորձեցին խաբել իրենց ամենամօտիկ դաշնակից Ատրպէյճանը եւ թուրք հանրային կարծիքը՝ արձանագրութիւններու հաւանական օգուտներուն վերաբերեալ։ Հակառակ անոր, որ արձանագրութիւնները յստակօրէն ի նպաստ Թուրքիոյ էին, անոր ղեկավարները փորձեցին չափազանցուած ձեւով ծանուցել այդ բանակցուած համաձայնութեան օգուտները, որպէսզի առաջքը առնեն հաւանական ընդդիմութեան՝ թէ՛ ներսը, թէ՛ դուրսը, յատկապէս Ատրպէյճանի մէջ։
Ինչպէս արդէն կ՛ակնկալուէր, Էրտողանի կառավարութիւնը հարցեր դիմագրաւեց Ատրպէյճանի հետ, երբ նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրապարակաւ գանգատեցաւ, թէ Հայաստանի հետ սահմաններ բանալ ծրագրելով՝ Թուրքիա լքած կ՛ըլլայ իր «փոքր եղբայր»ը, այդպիսով վերցնելով բանալի շարժառիթը Հայաստանի համար Ղարաբաղի (Արցախի) վերադարձին շուրջ բանակցելու։ Ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ, դժգոհ ըլլալով թրքական վստահեցումերէն՝ իբրեւ փոխհատուցում եռապատկեցին դէպի Թուրքիա արտածուող բնական կազին գինը, հանրային վայրերէ վար առին թրքական դրօշակներ, արգիլեցին թրքական շարժապատկերներն ու թրքերէն երգերը «Ազեր Թի.Վի.»էն եւ փակել տուին թրքական ֆինանսաւորումով գոյատեւող մզկիթներ Պաքուի մէջ…
Մինչ այդ Թուրքիոյ ընդդիմադիր ուժերը, ոսկեայ առիթը գտնելով վարչապետ Էրտողանի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը նուազեցնելու՝ անմիջապէս զայն ամբաստանեցին թրքական ազգային շահերուն դաւաճանելու յանցանքով, կողմնակցելով իրենց հայ դարաւոր թշնամիներուն, փոխանակ՝ ազերի եղբայրներուն…
Այդ ամբաստանութիւններուն դէմ դնելու նպատակով, թուրք ղեկավարներ ստիպուած եղան ընելու շարք մը անհիմն հռչակումներ՝ չափազանցելով արձանագրութիւններուն օգուտները թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ համար։ Անոնք վստահեցուցին ատրպէյճանցիներուն, թէ ճնշում պիտի բանեցնէին Հայաստանի վրայ, որպէսզի անիկա Ատրպէյճանին վերադարձնէ Արցախը, նախքան թրքական խորհրդարանին կողմէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականացումը։ Առաւել, թուրք պաշտօնատարներ վերահաստատեցին իրենց սեփական հանրային կարծիքը, թէ՝ արձանագրութիւնները վերջ մը պիտի դնեն «հայկական պահանջներուն»՝ ցեղասպանութեան եւ Արեւելեան թուրքիոյ մէջ տարածքներու վերականգնման վերաբերեալ։
Թուրք եւ ատրպէյճանցի հանրային կարծիքները չխաբուեցան արձանագրութիւններուն Անգարայի խեղադիւրումով։
Ստորեւ՝ այն տասը գլխաւոր պատճառները, թէ՝ ինչո՞ւ թրքական խորհրդարանը կրնայ մերժել Արձանագրութիւնները վաւերացնել.
1. Հակառակ Կիւլի, Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի կողմէ շարունակական յայտարարութիւններուն, թէ՝ Արցախի տագնապին լուծումը նախապայման մըն է արձանագրութիւններու վաւերացման, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը շարունակ մատնանշած են, թէ այդ ձեւի պայման չկայ արձանագրութիւններուն մէջ։ Աւելին, անոնք խորհուրդ տուած են իրարու չկապել երկու հարցերը, կամ Արցախի տագնապին շուրջ բանակցութիւնները իբրեւ պատանդ չառնել արձանագրութիւններուն վաւերացման համար։ Հայաստան խիստ կերպով մերժած է արձանագրութիւնները կապել Արցախի հարցին։
2. Ճշմարտութիւն չկայ թրքական այն հռչակումներուն մէջ, թէ՝ արձանագրութիւնները վերջ պիտի դնեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ ուղղութեամբ հայկական հետապնդումներուն։ Նաեւ սխալ է, որ արձանագրութիւնները մեքանիզմ մը պիտի յառաջացնեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար։ Իրականութեան մէջ, վերջին շաբաթներուն արձանագրութիւնները հայերուն համար նորոգուած ջանքերու խթան հանդիսացած են՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելու Բրիտանիոյ, Պուլկարիոյ, Իսրայէլի եւ Շուէտի խորհրդարաններուն մէջ։ Առաւել, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբը իր 4 Մարտի օրակարգին վրայ դրած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծի մը քուէարկութիւնը։ Նոյնանման օրինագիծ մը քուէարկութեան կը սպասէ ամերիկեան Ծերակոյտին մէջ։
3. Հակառակ թրքական վստահեցումներուն, արձանագրութիւններուն մէջ նշուած «պատմական յանձնաժողովը» պիտի ծառայէ ոչ իբրեւ ցեղասպանութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու մարմին, այլ՝ Հայաստանի համար իբրեւ բեմ, Թուրքիայէն հատուցում պահանջելու նպատակով։
4. Թրքական այն հռչակումները, թէ՝ արձանագրութիւնները վերջ պիտի դնեն հայկական հողային պահանջներուն, կը հերքուի այն իրականութեամբ, որ հոն նշում չկայ անցեալի որեւէ դաշինքի, որ պարտք կը դնէ Հայաստանի վրայ հրաժարելու իր այդ իրաւունքներէն։ Փոխանակ հրաժարելու Արցախէն կամ Արեւմտեան Հայաստանէն, նախագահ Սարգսեան անցեալ շաբաթ առաջին անգամ ըլլալով վեր առաւ Նախիջեւանի հայկական շրջանի պարպումը, խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ զայն Ատրպէյճանի կցելէն ի վեր։
5. Հայաստանն ու մեծ ուժերը մերժած են Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի 10 Յունուար 2010ի որոշումը «սրբագրելու» թրքական պահանջները։ Դատարանին որոշումը սահմանափակեց արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Թուրքիոյ չափազանցուած մեկնաբանութիւնները։ Դատարանը պնդեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը կարելի չէ լքել եւ Արցախի կարգավիճակը կարելի չէ Թուրքիոյ հետ բանակցութեան առարկայ դարձնել, նկատի ունենալով արձանագրութիւններուն երկկողմանի բնոյթը։
6. Թուրք ղեկավարները պատճառ չունին բողոքելու Հայկական դատարանին կողմէ Սահմանադրութեան նախաբանին կատարուած վերագրումին դէմ, ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այդ նախաբանը հիմնուած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի 11րդ յօդուածին վրայ, որ գոյութիւն ունի 1990էն ի վեր, նախքան Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ սահմանի առաջին բացումը։ Հաստատօրէն թուրք ղեկավարները քաջատեղեակ էին այդ պայմանին, նախքան արձանագրութիւններուն ստորագրումը 2009ին։
7. Թուրք պաշտօնատարներ կը ստեն՝ նշելով, թէ արձանագրութիւնները կը ճանչնան 1921ի Կարսի դաշինքը, զոր Խորհրդային Հայաստանը ստիպուած ստորագրած էր։ Կարսի դաշինքին մասին ոչ մէկ նշում կայ արձանագրութիւններուն մէջ։ Աւելին, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը վճռեց, թէ վաւերական են միայն այն դաշինքները, որոնք վաւերացուած են Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ:
8. Փոխանակ իրագործելու «դրացիներու հետ զերօ հարցեր ունենալու» իր վսեմ նպատակակէտը, թրքական կառավարութիւնը, արձանագրութիւնները ստորագրելով՝ ստեղծած է լուրջ ճեղք մը դրացի Ատրպէյճանին հետ, ուր նախապէս հարցեր չկային:
9. Հարկ է նշել, թէ թուրք պաշտօնատարներ բնաւ չեն ընդդիմացած արձանագրութիւնները նախ Թուրքիոյ կողմէ վաւերացուելու Հայաստանի պահանջին։ Ասիկա նուաստացնող պարտադրանք մըն է Թուրքիոյ վրայ, տրուած ըլլալով, որ անիկա իրաւացիօրէն կ՛ակնարկէ Թուրքիոյ նկատմամբ Հայաստանի անվստահութեան:
10. Նոյնպէս թուրք ղեկավարներ չեն հակադարձած Հայաստանի սպառնալիքին, ըստ որուն, մինչեւ Մարտի վերջ, այսինքն՝ 24 Ապրիլէն մէկ ամիս առաջ, արձանագրութիւնները Թուրքիոյ կողմէ չվաւերացուելու պարագային, ան իր ստորագրութիւնը չեղեալ պիտի համարէ։ Ասիկա մէկ այլ նուաստացնող պարտադրանք մըն է Հայաստանի կողմէ երկիրի մը վրայ, որուն ղեկավարները կը յարին նոր-օսմանեան փառաւոր երազներու:
Վերոնշեալ տասը կէտերը կը ցուցաբերեն վստահելիութեան լուրջ բաց մը թրքական կառավարութեան եւ իր սեփական ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին միջեւ։ Անգարա փորձած է խաբել բոլորը՝ Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս՝ ստեղծելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականացնելու փափաքը ունենալու սուտ տպաւորութիւնը։ Թուրք պաշտօնատարները միայն իրենք զիրենք կրնան մեղադրել այդ կացութեան համար։ Անոնք կարծեցին, թէ ստելով կրնան յաւելեալ զիջումներ ապահովել Հայաստանէն: Չյաջողեցան։ Ներկայիս անոնք ինկած են իրենց իսկ սարքած ծուղակին մէջ, եւ ոչ ոք փափաք ունի զիրենք փրկելու:
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր