ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեանի խօսքերով, 2010ն բուռն տարի մը պիտի ըլլայ՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումներով: Արտաքին քաղաքական դաշտի վրայ, ըստ Նռանեանի, իշխանութիւնները խճճելով իրավիճակը՝ իրենք ալ որոշ չափով խճճուած են, եւ այսօր կը լսուին որոշ չափով իրերամերժ տեսակէտներ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, թէ՛ ԼՂ խնդիրին վերաբերեալ: Իսկ տնտեսական դաշտի վրայ, կառավարութեան քայլերը պատգամաւորը կը նկատէ «ճգնաժամածին»:
Փետրուար 18ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ԱԺ պատգամաւորը մտահոգութիւն յայտնած է այն մասին, որ գնողունակութեան անկման եւ արտասահմանէն կատարուած նիւթական փոխանցումներու նուազման պայմաններուն մէջ, դարձեալ թանկացումներ կը սպասուին: Այս պայմաններուն մէջ, եթէ նոյնիսկ տնտեսական աճ արձանագրուի, պէտք չէ ոգեւորուիլ, որովհեետեւ, ըստ պատգամաւորին, 1-2 տոկոսի աճը յատակի հաւասար տնտեսութեան համար ոչինչ կը նշանակէ: Մէկ խօսքով, դաշնակցական պատգամաւորը կառավարութեան գործողութիւնները համարած է Հայաստանը յետամնաց ու սնանկ երկիրներու շարքին հասցնելու ճկուն քաղաքականութիւն:
Նռանեան անդրադարձած է նաեւ խորհրդարան հասած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն՝ նշելով, որ Դաշնակցութիւնը պիտի օգտուի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ ունենալու հնարաւորութենէն եւ իր կարելին պիտի ընէ իրական քննարկում կազմակերպելու համար: Նռանեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ ՀՅԴ խմբակցութիւնը դիմած է Ազգային ժողովի նախագահին՝ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը եւս յիշեալ յանձնաժողովին մէջ ներառելու խնդրանքով: