ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Փետրուար 16ին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի կողմէ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր Ղարաբաղի բնակավայրեր հրաւիրուած մասնագէտներուն պետական աջակցութեան ծրագրի իրականացման: Ընթացքին, հասարակական ապահովութեան եւ առողջապահութեան նախարարներ Նարինէ Ասծատրեան եւ Արմէն Խաչատրեան ներկայ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն տուած են համապատասխան պարզաբանումներ։
Յիշեալ ծրագիրէն առ այժմ կ՛օգտուին 42 բժիշկներ, որոնք կ՛աշխատին յատկապէս վերաբնակեցման գօտիներու մէջ: Սակայն, հաշուի առնելով, որ բժիշկներու մեծ կարիք կայ նաեւ ԼՂՀ այլ շրջաններէ ներս, վարչապետ Ա. Յարութիւնեան շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է համագործակցիլ Հայաստանի մարզպետարաններուն հետ եւ Արցախ հրաւիրել նշեալ ծրագրին համար պատրաստակամութիւն յայտնող բժիշկներ, որոնց պիտի ցուցաբերուի նաեւ հասարակական եւ բարոյական մեծ աջակցութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.