ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագով ու վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ ու հայրապետական պատգամով, անգամ մը եւս հանդիսաւոր կերպով տօնախմբուեցաւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց եւ 1036 նահատակներուն յիշատակը։
Ս. պատարագը մատուցեց Նորայր եպս. Աշըգեան: Ներկայ հաւատացեալներուն աղօթակից դարձան նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Արցախէն ժամանած պատասխանատու անձեր: Ապա, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրերէ ու դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ բարձրացաւ վեհարան, ուր դպրեվանքի երգչախումբին գլխաւորութեամբ, ներկաները միասնաբար կատարեցին Վարդանանց նուիրուած ազգայնաշունչ երգերը։
Ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը Վարդանանց հաւատամարտին անդրադարձաւ, մեր ժողովուրդի այսօրուան կեանքին զուգահեռաբար, ցոյց տալով այն մարտահրաւէրները, որոնք դարձեալ մեր միասնականութեան կարիքը ունին: Ան նախ ողջունեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը եւ իր գործակիցներուն ներկայութիւնը, յատկապէս գոյութեան պայքարի խորհրդանիշ եղող Վարդանանց տօնին առիթով: Ապա իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Հաւատքի ու հայրենիքի համար գերագոյն զոհողութիւն յանձն առած մեր նախնիները, պատմութեան ամէնէն դժուարին ու ճակատագրական պահերուն, մէկդի դրին իրենց տարբերութիւնները ու տարակարծութիւնները, ու միասնական ճակատ դարձան թշնամիին դէմ»: Ան մեր ժողովուրդի այսօրուան իրավիճակին անդրադառնալով՝ ամէն ժամանակէ աւելի այսօրուա՛ն համար անհրաժեշտ նկատեց միասնական ճակատ դառնալու հաւաքական ազգային մեր որոշումը: «Ղեւոնդեանք ու Վարդանանք համազգային կեցուածք ճշդեցին, երբ թշնամիին սուրը իրենց պարանոցին վրայ դրուած՝ սպառնաց իրենց հաւատքին ու հայրենիքին: Այսօր կան նոր Յազկերտներ, որոնց դիմաց եւս պէտք է համահայկական կեցուածք ճշդենք: Մեր պատմութիւնը ջնջած ու տարած է բոլոր ժամանակներու Յուդաներուն ու Վասակներուն անունները, եւ միայն Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց արիութեամբ լեցուն հերոսներուն ու սուրբերուն անունները արձանագրեր է իր ոսկետոմարին մէջ: Ուստի, այսօր նո՛յն կեցուածքը կը սպասուի Քաջ Վարդանի թոռներէն՝ մեզմէ, յետորդ սերունդներէս: Մենք իրաւունք չունինք դաւաճանելու անոնց սուրբ կտակը, որուն արդիւնքն է մեր հաւատքին անսասան պահպանումը եւ մեր հայրենիքին գոյութիւնը, որ նուիրագործուած է իրենց արեամբ» ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառին պատգամէն ետք խօսք առաւ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, որ արցախահայութեան դիմաց ծառացող քանի մը հարցերուն անդրադարձաւ: Պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուելու փորձառութիւնը, լիբանանահայութեան ու արցախահայութեան միջեւ, փոխըմբռնման լաւագոյն միջոց նկատեց ան: Ապա, պատերազմով թէ խաղաղութեամբ լուծումներու յանգելու երկընտրանքի պարագաներուն ալ, միշտ հոգեպէս եւ գործնապէս պատրաստ ըլլալու երաշխիքը տուաւ:
«Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը։ Ապա, նախագահութեամբ վեհափառին, մայրավանքի սեղանատան մէջ տրուեցաւ Սիրոյ սեղան, որուն մասնակից դարձան Արցախէն ժամանած հիւրերը, ինչպէս նաեւ ազգային կառոյցներու մէջ գործող պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ նոյն օրը, հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեամբ, իսկ հայկական վարժարաններուն կողմէ կազմակերպուեցան յատուկ ձեռնարկներ։