ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 28ԻՆ
ԼՈՄԻԹԱ.- Դէմ դնելու համար Քալիֆորնիոյ Հարաւային ծովածոցի քոնկրեսական 36րդ ընտրատարածքի բնակչութեան մտահոգութիւնները անտեսող քոնկրեսական Ճէյն Հարմընի ընտրապայքարին, շրջանի հայութիւնը որոշած է նեցուկ կանգնիլ թեկնածու Մարսի Ուինոկրատին:
Նկատի ունենալով, որ նախնական ընտրտութիւններու թուականը՝ Յունիս 8ը, կը մօտենայ, շրջանէն քանի մը տասնեակ գործիչներ հանդիպում մը ունեցան Լոմիթայի Հայ կեդրոնին մէջ, քննելու համար ընտրապայքարի քարտէսները եւ թեկնածուներուն կեցուածքները զանազան հարցերու շուրջ:
Շրջանի բնակիչ Շանթ Պապուճեան կը յայտնէ, թէ թաղ թաղ եւ դուռ դուռ ընտրապայքար տանելով՝ կարելի պիտի ըլլայ շրջանի բնակչութեան աւելի յստակ դարձնել, թէ Ճէյն Հարմըն կ՛անտեսէ շրջանի բնակչութեան մտահոգութիւնները, սկսելով առողջապահութեան մարզը բարեկարգելու հարցէն ու հասնելով մինչեւ հսկայ ընկերութեանց սանձարձակութիւններուն վերջ տալու հարցը: Շրջանի բնակչութիւնը նաեւ անհանգիստ է այն իրողութեամբ, որ ան կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմներուն:
«Հարաւային ծովածոցի բնակչութեան համար պէտք է ներկայացուցիչ մը, որ որոշ խաւի մը շահերը պաշպանելու փոխարէն, նեցուկ կանգնի աշխատաւորական դասակարգին», կը յայտնէ Պապուճեան:
Հարաւային ծովածոցի հայութիւնը նախաձեռնած է քոնկրեսական ընտրութեանց նուիրուած հանրային հաւաքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Փետրուար 28ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Հայ կեդրոնին մէջ (2222 Lomita Boulevard, Lomita):
Ուինոկրատի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել անոր ընտրապայքարին համացանցային կայքը՝ www.winograd4congress.com հասցէով: