ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Փետրուար 9ին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Իրանի Իսլամական հանրապետութեան (ԻԻՀ) մշակոյթի եւ իսլամական կապերու կազմակերպութեան նախագահ, ԻԻՀ նախագահի խորհրդական Մեհտի Մոսթաֆաւին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Կողմերը նշած են, որ հարեւան պետութիւններու պարբերական շփումներն ու փոխադարձ այցերը կը վկայեն Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ՝ կողմերու շահագրգռուածութիւնը։
Ծանօթանալու համար ԻԻՀի մէջ հայ համայնքի խնդիրներուն, Մշակոյթի եւ իսլամական կապերու կազմակերպութեան նախագահը Իրան հրաւիրած է սփիւռքի նախարարը եւ նշած, որ իրենց երկրին մէջ հայերը մեծ յարգանք կը վայելեն։ Կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են վաւերագրական շարժանկար մը պատրաստելու շուրջ՝ Իրանի հայկական համայնքին մասին: Խօսուած է նաեւ Իրանի մէջ հայոց լեզուի դասագիրքերու հրատարակման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ հայաստանեան քանի մը դպրոցներու մէջ պարսկերէն լեզուի ուսուցում կազմակերպելու մասին։