ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հանդէս եկած է «Բաց նամակ»ով մը, յայտարարելով, որ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպման գծով դիմում կատարած էր, որպէսզի իր ներակայացուցիչներն ալ հրաւիրուին հանդիպման:
ՀՕՄի յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Անցնող մի քանի օրերուն մամուլէն զարմանքով իմացանք, որ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ղեկավարութիւնը, յանձին ամերիկանիստ իր ներկայացուցչութեան, դէմ արտայայտուած է ՀՕՄի՝ այդ ժողովին մասնակցութեան: Այդ լուրին յաջորդեց Ասեմպլիին կողմէ տարածուած եւ իր ու Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ստորագրութիւնը կրող մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ հանդիպման ու ամերիկահայութեան ներկայացուցչութեան կ՛անդրադառնայ դարձ-դարձիկ արտայայտութիւններով»:
Ասկէ մեկնելով, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը հրապարակաւ դիմած է ՀԲԸՄի ու Հայկական համագումար անունով խմբակցութեան ղեկավարներուն, պահանջելով՝ «իրենց կեցուածքն ու դիրքորոշումը յստակացնեն Հայ օգնութեան միութեան նկատմամբ՝ համայն հայութեան դիմաց»:
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
Երկու շաբաթ առաջ ի յայտ եկաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայ-Թրքական Փրոթոքոլներու եւ այլ թեմաներու մասին հանդիպման մը հրաւիրած էր ամերիկահայ սահմանափակ թիւով կազմակերպութիւններ, դուրս ձգելով շարք մը այլ կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ: Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ այս տարուան ընթացքին բարեսիրական ու մարդասիրական իր աշխատանքի հարիւրամեակը պիտի նշէ, բազմաթիւ առիթներով մասնակցած է ԱՄՆ իշխանութիւններուն հետ հայութիւնը յուզող հիմնական խնդիրներու քննարկման: Առ այդ, ՀՕՄը պաշտօնական նամակով մը դիմեց ԱՄՆի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պահանջելով, որ ի՛նք եւս, որպէս ընդհանրապէս համայն հայաշխարհի եւ այս պարագային՝ յատկապէս ամերիկահայ համայնքէն ներս գործող եւ հայ կնոջական ձայնը ներկայացնող ամենծաւալուն կազմակերպութիւնը, մասնակից դառնայ այդ հանդիպման:
Անցնող մի քանի օրերուն զարմանքով մամուլէն իմացանք, որ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութիւնը, յանձին ամերիկանիստ իր ներկայացուցչութեան, դէմ արտայայտուած է ՀՕՄի այդ ժողովին մասնակցութեան: Այդ լուրին յաջորդեց Ասեմպլիին կողմէ տարածուած եւ իր ու Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ստորագրութիւնը կրող մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ ԱՄՆի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ հանդիպման ու ամերիկահայութեան ներկայացուցչութեան կ՛անդրադառնայ դարձ-դարձիկ արտայայտութիւններով:
Նկատի ունենալով, որ Հայ-Թրքական Փրոթոքոլները հայկական այս կամ այն քաղաքական թէ այլ որեւէ կազմակերպութեան կամ խմբակցութեան խնդիրը չեն կրնար ըլլալ եւ կ՛առընչուին ազգային հիմնահարցի,
Նկատի ունենալով, որ յաչս ոչ-հայկական քաղաքական թէ այլ շրջանակներուն ու այս պարագային՝ յաչս ամերիկեան իշխանութիւններուն ամերիկահայութեան ներկայացուցչութեան ճշդումի իրաւունքը կը պատկանի համա՛յն ամերիկահայութեան եւ ո՛չ մէկ կամ երկու կազմակերպութիւն, խմբակցութիւն կամ անհատ իրաւունք ունին իրե՛նց վերապահելու այդ ներկայացուցչութեան ընտրութիւնը եւ ատով իսկ հայմայնքէն ներս բաժանարար դեր խաղալու,
Նկատի ունենալով որ այսօրինակ հարցերու փակ դռներու ետին քննարկումը պարզապէս պատկերը կը բարդացնէ ու անհարկի քաշքշուքները երկարելու դուռ կը բանայ միայն,
Նկատի ունենալով որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը մի՛շտ ճակատաբաց ներկայացած է իր ժողովուրդին ու պիտի շարունակէ գործել այդպէս, առանց թաքցնելիք որեւէ բան ունենալու իր ժողովուրդէն,
Այսու մամուլով կը դիմենք Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ու Ասեմպլիի ղեկավարութեան, որպէսզի այս հարցի գծով իրենց կեցուածքն ու դիրքորոշումը յստակացնեն Հայ Օգնութեան Միութեան նկատմամբ՝ համայն հայութեան դիմաց:
Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ուղղուած մեր գրութեան մէջ մենք ո՛չ մէկ այլ կազմակերպութիւն փափաքած ենք փոխարինել եւ ո՛չ մէկ վերագրում կատարած որեւէ կազմակերպութեան հասցէին: Անկեղծօրէն կը յուսանք, որ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան դիրքորոշումի մասին հրապարակուած լուրերը կամ անոր անունով արտայայտուած դիրքորոշումներն ու այլ կազմակերպութիւններու հասցէին վերագրումները՝ թիւր փոխանցումներ են: Կը յուսանք բացայայտուած տեսնել, որ այս ամբողջ խառնիճաղանճը ոչ-հայ շրջանակներու կողմէ Փրոթոքոլներու վաւերացումը հայութեան ու Հայաստանի վրայ պարտադրելու եւ ամերիկահայ ճակատը Ցեղասպանութեան 95ամեակի նախօրեակին պառակտուած տեսնելու փորձ մըն է, որուն նպաստող ընթացքը պիտի սրբագրուի շուտով:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
11 Փետրուար, 2010