ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 11ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, որուն կ՛ընկերակցէին նախարարի խորհրդական Արա Պուլուզեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ղարաբաղեան տագնապին ու բանակցային գործընթացին հետ կապուած վերջին իրադարձութիւնները եւ հայ թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը: Արծարծուեցան նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող այլ հարցեր: