«Փարթնըրշիփ քոնսալթինկ» կազմակերպութիւնը, որ կը հրապարակէ աշխարհի ամէնէն աղտոտ 30 քաղաքներու ցանկը, այս տարի ամենաաղտոտ քաղաքի տիտղոսին արժանացուցած է Պաքուն: Կազմակերպութիւնը քննած է աշխարհի 245 մեծ քաղաքներն ու մայրաքաղաքները՝ բաղդատելով անոնց օդին եւ ըմպելի ջուրին որակը, առողջապահական սպասարկութեանց մատչելիութիւնը, վարակիչ հիւանդութիւններու թիւը, եւ այլ տուեալներ: Այս տարի Պաքուի աղտոտութեան ցուցանիշը 4.2 տոկոսով բարձրացած է:
Մաքրութեան օրինակ նկատուած է Նիւ Եորքը, իսկ ամէնէն աղտոտ 30 քաղաքներու ցանկին վրայ կը գերակշռեն ափրիկեան, հարաւային ամերիկեան եւ ասիական քաղաքներ. միակ եւրոպական քաղաքը, որ ընդգրկուած է ցանկին մէջ՝ Մոսկուան է: Ցանկին մէջ են նաեւ Պուենոս Այրեսը, Քարաքասը, Ճաքարթան, Գահիրէն, Թեհրանը ու Պոկոթան։
Ուսումնասիրութիւնը զայրոյթ պատճառած է ատրպէյճանցիներուն։ Ոմանք դժգոհ են, որովհետեւ Պաքու ներկայացուած է իբրեւ ասիական քաղաք, իսկ ուրիշներ՝ որովհետեւ Երեւան մաս չի կազմեր 30 ամենաաղտոտ քաղաքներու ցանկին։ Ուրիշներ ալ խոստովանած են, որ Պաքու աղտոտ քաղաք մըն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.