ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Փետրուար 12ին, Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի համացանցային կայքը թուրք ազգայնամոլներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած է։ Արդարեւ, յարձակողները թերթի գլխաւոր էջին վրայ տեղադրած են Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործ Օկիւն Սամասթի նկարը եւ զինք գովաբանած։
«Ողջո՛յն Օկիւն Սամասթի։ Կա՛մ սիրէ, կա՛մ հեռացիր։ Նոր Օկիւն Սամասթներ ճամբու վրայ են» նշուած էր ազգայնամոլներուն գրութեան մէջ:
Թերթին պատասխանատուները կարճ ժամանակուան մէջ սրբագրեցին խանգարումը ու կայքը սկսաւ գործելու իր նախկին դրութեամբ։