ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի նորոգութեան նպատակով, դրամահաւաքի ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 31ին, նշեալ կեդրոնի սրահին մէջ, եւ ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 20,000 տոլարի գումար մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Գէորգ Քէշիշեանը, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորող գեղագիտական վիրաբուժ տոքթ. Վաչէ Պարտաքճեանին ու կազմակերպիչ յանձնախումբին:
Հանդիսավարն էր փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ ներկայացուց օրուան գեղարուեստական ճոխ յայտագրին մասնակցողները:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Թէքէեան» միութեան Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Մարօ Պետրոսեանը, որ շեշտեց Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթը պահպանելու կարեւորութիւնը եւ յիշեց, թէ միութիւնը վերջին տասնամեակին կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ Հայաստանի կրթական մարզին մէջ: Նաեւ, «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի վարչութեան չորս անդամներուն յատուկ յուշատախտակներ տրուեցան՝ անոնց նուիրեալ սպասարկութեան փոխարէն: Անոնք էին՝ Անդրանիկ Աֆարեան, Յակոբ Փիանտարեան, Խաչիկ Ճանոյեան եւ հանգուցեալ Աւետիս Մանուկեան, որուն յատկացուած յուշատախտակը ստացաւ անոր այրին՝ Անահիտը:
Յատուկ յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ նաեւ օրուան գլխաւոր հիւրին՝ տոքթ. Վաչէ Պարտաքճեանին, որ 5000 տոլար տրամադրած էր «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի նորոգութեան սոյն ծրագրին համար: