ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին կայանալիք հանդիպումը յետաձգուած է, մայրաքաղաք Ուաշինկթընը հարուածած ձիւնամրրիկին պատճառով: Այս տեղեկութիւնը հաղորդած արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպման նոր թուական մը չէ ճշդած:
Յետաձգումը առիթ մըն է նախարարութեան, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկէ հրաւիրեալներուն ցանկը, որ քննադատուած էր միակողմանի ըլլալուն պատճառով: Արդարեւ, հրաւիրեալներուն մեծ մասը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նեցուկ կանգնող կազմակերպութիւններ էին:
Հրաւիրեալներու ցանկին անարդար բաղադրութեան բացայայտումէն ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան դիմած էր նախարար Քլիթընի, որ վերատեսութեան ենթարկէ հրաւիրեալները, քննադատելով այն իրողութիւնը, որ հրաւիրեալներուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացնեն Ուաշինկթընի ներկայ քաղաքականութեան նեցուկ կանգնողները, որոնք ամերիկահայութեան մէջ փոքրամասնութիւն մըն են:
«Նման հրաւէր մը չի նպաստեր ամերիկահայութեան հետ անկեղծ ու երկկողմանի հաղորդակցութիւն հաստատելու կառավարութեան նպատակին, եւ ոչ ալ ամերիկահայութեան ձայնը Ուաշինկթընի վեռնախաւին լսելի դարձնելու հայկական համայնքի փափաքին», գրած էր Խաչիկեան:
Նախնական ցանկին վրայ կային Ամերիկայի հայկական համագումարը, Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերը, ՀԲԸՄը, Վարդանի ասպետները եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: