ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան դէպի Լոնտոն մեկնումի ճամբուն վրայ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնած է.
«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու մեր նախաձեռնութիւնը գտնւում է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտում: Պահն իրաւամբ պատմական է, եւ դա գիտակցում ենք ոչ միայն մենք, այլեւ՝ ողջ աշխարհը: Երկկողմ յարաբերութիւնների բարելաւման գործում անգնահատելի են տարածաշրջանում ներգրաւուած տէրութիւնների ջանքերը: Համոզուած եմ, որ առանց նրանց միջնորդութեան, դժուար կը լինէր առաջընթաց գրանցել: Դրա հետ մէկտեղ, կարծում եմ, որ որքան էլ բարեկամ պետութիւնները շահագրգռուած լինեն գործընթացի դրական հանգուցալուծման մէջ, չեն կարող անել այն, ինչ ի զօրու են անել մեր երկու ժողովուրդները:
«Պարոն Նախագահ,
«Կարծում եմ կը համաձայնէք, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդների՝ միմեանց հանդէպ ունեցած կարծրատիպը կոտրելու, փոխվստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու խնդրում հիմնական դերը վերապահուած է իշխանութիւններին: Միայն մեր գործի հանդէպ ունեցած հաւատի, վճռականութեան եւ սկզբունքայնութեան շնորհիւ, մենք կարող ենք հասնել արդիւնքի: Այլապէս, երբ հակասում են գործն ու խօսքը, դա ծնում է անվստահութիւն եւ թերահաւատութիւն՝ գործունէութեան լայն դաշտ բացելով գործընթացին դէմ ուժերի համար: Մենք պէտք է գիտակցենք, որ ժամանակն այս դէպքում ոչ թէ նպաստում է գործընթացին, այլ՝ իմաստազրկում այն:
«Եթէ մինչ այս պահը մեզ յաջողուել է երկկողմ շփումները բերել այնպիսի մակարդակի, որտեղից շատ աւելի տեսանելի ու շօշափելի է դառնում մեր երկրների միջեւ բնականոն յարաբերութիւնների կառուցման ապագան, ապա այսօր պահն է հանդէս բերելու վճռականութիւն, կատարելու մեծ քայլ առաջ՝ ապագայ սերունդներին ժառանգելով կայուն ու անվտանգ տարածաշրջան»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս ուղերձը դրականօրէն գնահատուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի կողմէ: Վերջինս, որ տակաւին մէկ օր առաջ մեղադրած էր Հայաստանի իշխանութիւնները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին հանդէպ «բարի նպատակներ չցուցաբերելու» համար, Անգարայի մէջ երէկ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ուղերձը նկատած է «դրական» քայլ:
Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին համոզում յայտնած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը Թուրքիոյ նախագահին վրայ գործադրուող ճնշում է, թերեւս նոյնիսկ զգուշացում՝ գործընթացի ձգձգման գծով «համբերութիւնը հատելու վերաբերեալ»:
Մարգարեան «Ազատութիւն»ի թղթակիցին յայտնած է, թէ Թուրքիան ալ, իր կարգին Հայաստանի վրայ ճնշում կը գործադրէ. մասնաւորապէս, հիմնական խնդիրը Թուրքիոյ համար, այս պահուն, Ղարաբաղի հարցն է եւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումը, այն առումով, որ Ազգային ժողովի կողմէ արձանագրութիւնները վաւերացնելու ընթացքին այդ որոշումը վերապահում չդառնայ: Եւ քանի որ Թուրքիոյ «յաջողւում է այս առումով ճնշումներ բանեցնել», ապա գործընթացին ձգձգումը, ըստ Մարգարեանի, ի վնաս Հայաստանին է:
ՀՅԴ ներկայացուցիչը այս իրվաիճակին մէջ անհրաժեշտ կը գտնէ, որ Հայաստանը, ամէնէն ուշը Մարտին, բանակցութիւնը ձախողած համարէ՝ Թուրքիոյ մեղքով:
Ընդգծելով, որ արձանագրութիւնները Ազգային ժողովին կողմէ պէտք է վերապահումով վաւերացուին՝ Մարգարեանը միաժամանակ նշած է, թէ Դաշնակցութիւնը այս առումով մտահոգ է, հետեւաբար պէտք է ամէն կերպով Ազգային ժողովը համոզէ, որ հաւատարիմ մնայ Սահմանադրական դատարանի որդեգրած մօտեցումներուն:
Արդեօ՞ք ՀՅԴ յաջողած է համոզել նախագահը՝ արձանագրութիւնները վերապահումով վաւերացնելու գծով: Այս հարցումին Մարգարեան արձագանգած է ըսելով. «Մեր պայքարը պատճառ դարձաւ, որ Սահմանադրական դատարանը այդ որոշումը կայացնի: Եւ այդ որոշման կայացման մէջ անմասն չէ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Եւ դա ուրախացնող երեւոյթ է… Չեմ կարող ասել փոփոխութեան մասին: Ես կարծում եմ, որ արդար է եթէ ասենք, որ ինչ որ կարծրացում կայ դիրքորոշումների առումով՝ թէ՛ Ղարաբաղի հարցում, թէ՛ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների հարցում: Աւելի ազգային է դարձել, աւելի դէպի ճիշդն է դիրքորոշուել Սահմանադրական դատարանի որոշումով: Բայց դա կիսատ է, դա պէտք է կարողանալ մինչեւ վերջ տանել»:
Արձանագրութիւնները առանց վերապահումներու վաւերացման պարագային, Դաշնակցութիւնը պիտի պահանջէ՞ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի նշեալ հարցումին Մարգարեանի պատասխանը եղած է. «Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը պահանջելու կամ չպահանջելու մէջ ոչ մի բովանդակութիւն գոյութիւն չունի: Բովանդակութիւնը գործն է: Եթէ մենք ընդդիմութիւն ենք, նշանակում է, որ ուզում ենք այս իշխանութիւնը փոխենք»:
Tch’e vertchatsank
ayss martoug’e mer kher’e bidi anidzé hanoun ir azadakradz artsakhine
ge khorim te ayss ankam ir “poghgab’e” dichd ou tchid deghine tché yegadz
kitchig me dzourig e
dzarouguine avanagine motchin bess
indzi hoss g’essen te yeridassartoutyan 75 ar harur’e badrasd e “Yerguir’e” lekelou ou legdi legdi odar kakhaknirou mayteroun vra “anoti” menalou
“Cgèn menak, chèn ou baydzar bnag” gam menak
or’e dasse’e costume pokhogh mart’e tchi gernar kani me badar ghergel yerguir’e lekel ouzogh yeridassartneroun
aghtchi te degha havassar tchapov
“yerp pazmoutiounnèr’e khlakarine…… gartal Tcharents vor ink al khorakouyn gerbov khelaretsav yev kloukh’e badé bad zargav pandi paderoun
Art; ZARTIR LAO, kani ouch tché