ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 8ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան 12րդ նիստէն ետք, Տինքի փաստաբանները միացեալ յայտարարութեամբ մը կոչ ըրին իշխանութիւններուն, որ ընդարձակեն հետախուզութեան ծալքերը՝ կեդրոնանալով յատկապէս երկրին գաղտնի սպասարկութեան՝ «ՄԻԹ»ի, Պոլսոյ եւ Տրապիզոնի ոստիկանութեանց եւ ապահովական այլ կառոյցներու մեղսակցութեան հաւանականութեան վրայ:
Փաստաբանները շեշտեցին, թէ կասկածելիներու շարքին պէտք է դասուին բոլոր անոնք, որոնք Տինքի հասցէին սպառնալիքներ կատարած էին ու կը շարունակեն հալածել անոր փաստաբանները: Անոնք նաեւ պնդեցին, թէ Տինքի սպանութիւնը մաս կը կազմէր վերջերս բացայայտուած «Վանդակ» գաղտնի ծրագիրին, որուն նպատակն էր փոքրամասնութիւնները աւելի եւս նեղ կացութեան մատնել՝ ահաբեկչական արարքներով սարսափի վիճակ մը ստեղծելով:
Փաստաբաններուն համաձայն, պէտք է պատժուին բոլոր անոնք, որոնք փաստեր պահելով կամ ոչնչացնելով՝ փորձած են ձախողութեան մատնել Տինքի իսկական ոճրագործներուն ինքնութեան բացայայտումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.