ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Կիրակի, Փետրուար 7ին, երկրի հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան հրամայեց իւրանիոմը աւելի բարձր մակարդակով հարստացնել. քայլ մը, որ հաւանաբար խորացնէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հետապնդած մտադրութեան նկատմամբ Արեւմուտքին կասկածները։
Իրանի կարիքներուն բաւարարման համար, «Աստուծոյ կամքով քսան առ հարիւրով հարստացումը պիտի սկսի», ըսաւ Ահմատինեժատ, սակայն այդ գործողութեան սկսելու թուական չճշդեց։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց միասնական կեցուածք որդեգրելու՝ Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու գծով, որպէսզի վերջինս հրաժարի իր հիւլէական ծրագիրէն։ «Կը հաւատամ, թէ պատժամիջոցներուն յաջողութեան համար, տակաւին ժամանակ կայ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւս յայտնեց, որ այլ պետութիւններ նոյնպէս սկսած են Իրանի հիւլէական ծրագիրը սպառնալիք մը նկատելու։