Հայ Զինուորը
Մկրտիչը երեք ամիսէն տասնինը տարեկան պիտի դառնար։ Երբ պատերազմը վերջանար, ան պիտի վերադառնար տուն, ուր ընտանիքը, ընկերները եւ հարազատները զինք բաց թեւերով պիտի դիմաւորէին։ Ան պիտի աշխատէր հօրը կօշկակարութեան խանութին մէջ, եւ երբ վերջապէս բաւարար դրամ շահէր, ան պիտի ամուսնանար եւ ընտանիք կազմէր։ Մկրտիչը այս բոլորը պիտի ընէր եւ աւելին։ Ան փայլուն ապագայ ունէր, բայց մէկ մահաբեր փամփուշտ մը թշնամիէն՝ այս բոլորը փոխեց։
Մութ գիշերին, Մկրտիչի ընկերները դիակը շալկեցին դէպի լեռներու խորը, ուր նահատակուած բոլոր զինուորները կը թաղէին։ Անոնք միջոցները չ՛ունէին շքեղ թաղում մը կատարելու։ Նահատակը միայն ճերմակ սաւանով կը ծածկէին, խաչով մը կ՛երկնցնէին փորուած փոսին մէջ ու հողը վրան կը գոցէին վերմակի նման։ Տէրհայրը գնահատանքի քանի մը խօսքեր կ՛ըսէր զինուորին մասին, ու բոլորը անձայն իրենց վրանները կը վերադառնային շուտով։
Մկրտիչին թաղումը սովորականէն աւելի յուզիչ էր, որովհետեւ ան չափազանց համակրելի, ինչպէս նաեւ քաջ ու հայրենասէր պատանի մըն էր։
Երբ Մկրտիչին մահուան մասին բացատրող նամակը հասաւ ընտանիքին ու ընկերներուն, անոնք օրերով, շաբաթներով ու ամիսներով ողբացին, ու սուգի մէջ մնացին։ Բայց հակառակ անոր դժբախտ մահուան, ընտանիքը գիտէր, որ թէեւ ան այս աշխարհը մարմինով ձգած էր, սակայն հոգիով միշտ պիտի ապրէր իրենց սրտերուն մէջ, հազարաւոր նահատակուած այլ հայ զինուորներու նման:
ՆԱՆՈՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
————————————————————————————————–
Նուագողները
Կան շատ տարբեր գործիքներ, զորս հայ ժողովուրդը կը նուագէ՝ թմբուկ, գլարինեդ, կիթառ, լիոնիկա, դաշնամուր, ջութակ եւ շատ ուրիշ գործիքներ: Շատ պզտիկ տարիքէն կը սկսին նուագելու այս գործիքները: Ծնողները շատ համբերութիւն պէտք է ունենան մինչեւ որ երեխան սորվի: Շատ անգամ երեխայ մը գործիք մը կը նուագէ, բայց երբ տեսնէ որ դժուար է, ալ չ՛ուզեր: Պէտք է երեխային օգնել եւ քաջալերել, որ շարունակէ սորվիլ:
—————————————————————————————————-
Գործեր
Աշխարհի վրայ տարբեր մարդիկ տարբեր գործեր կ՛ընեն: Ամէն մարդ կ՛աշխատի այն ինչ կրնայ՝ ուսուցիչ, փաստաբան, բժիշկ, հողագործ եւ շատ ուրիշ գործեր: Կան գործեր, որոնց համար պէտք է համալսարան երթաս, որպէսզի կարենաս այդ աշխատիլ:
Կան գործեր, զորս պէտք է լաւ սորվիս: Այն ատեն ամէն անձ լաւ գործ կ՛ունենայ եւ հանգիստ կ՛ապրի:
ՄԱՐԻԱՄ ԳԻՒՄՈՒՇԵԱՆ
(5րդ Կարգ)