Թրքական «Սիասալպիրիքիմ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան՝ Կարսի մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր ժողովին ընթացքին, դարձեալ կուսակցութեան նահանգային ղեկավար ընտրուած Չեթին Պիլկիր իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան օրօք Կարսը նահանջ արձանագրած է կրթութեան եւ առողջապահական ծիրերուն մէջ, քաղաքային բնակչութիւնը նուազած է, իսկ աղքատութիւնը՝ աւելցած։ Ան յայտարարած է, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին ձախողութեան պատճառը իշխող կուսակցութիւնն է, եւ աւելցուցած է, թէ այդ ձախողութենէն ամենամեծ վնասը պիտի կրէ Կարսը։