ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Յունուար 12ի վճիռին յաջորդող մէկ շաբաթեայ անհասկնալի լռութենէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը թափ տուած է իր դիւանագիտական աշխատանքներուն՝ իր առարկութիւններուն համար զինակիցներ փնտռելով յատկապէս Զուիցերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքներուն մէջ:
Թուրքիա Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վճիռը անընդունելի գնահատած է՝ անոր մէջ տեսնելով «նախապայմաններ», որոնք կը խոչընդոտեն արձանագրութիւններուն վաւերացման գործընթացը:
Թուրքիա խորամանկ միամտութիւն ցուցաբերելով՝ կ՛ուզէ համոզել զուիցերիացիները եւ ամերիկացիները, թէ՝ իր բարձրագոյն պաշտօնատարներուն բերանով բանաւոր յայտարարուած նախապայմանները ոչ մէկ ձեւով կը խանգարեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը, իսկ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի գրաւոր վճիռը կ՛ականապատէ այդ ամբողջ գործընթացը:
Յատկանշական է, որ զուիցերիական եւ առաւել կարեւորը՝ նաեւ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերները վերապահութեամբ հակազդած են թրքական այս մեկնաբանութեանց:
Հաւանաբար այս վերապահութենէն մեկնելով, Թուրքիա կը փորձէ նոր մեկնաբանութիւններով շփոթ ստեղծել «պատմական հարթութեան հարցեր» քննարկելու նպատակով յանձնաժողով կազմելու առաջադրանքին շուրջ, մասնաւորաբար, երբ այս օրերուն իրեն դէմ ծառացած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայկական բանաձեւի քննարկման սպառնալի հեռանկարը:
«Հիւրրիյէթ» թերթի «Տէյլի Նիուզ» բաժինը կը հաղորդէ, որ թրքական դիւանագիտական շրջանակներէ ստացած լուրերուն համաձայն, Թուրքիա պատմական յանձնաժողովէն չ՛ակնկալեր, որ իր ուսումնասիրութեամբ «ապացուցէ, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է 1915ի ենթադրեալ Ցեղասպանութիւնը, այլ պարզապէս քննէ պատմական համաձայնագիրները եւ սահմանէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները դժուարացնող խնդիրները՝ համաձայնուած արձանագրութեանց հիման վրայ»:
Թրքական դիւանագիտութեան այս անորոշ բանաձեւումը կարելի է կամայականօրէն ընթերցել, մինչ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վճիռը աւելի յստակ վերապահումներ կը դնէ՝ թէ՛ «պատմական համաձայնագիրներու» եւ թէ «պատմական հարթութեան յանձնաժողովի» աշխատանքներուն շուրջ:
Միջնորդ երկիրները չեն ուզեր այս վէճին մէջ մտնել: Անոնք կը բաւարարուին երկու կողմերը յորդորելով, որ գործընթացը յառաջ տանին՝ խուսափելով արգելակիչ նախապայմաններ դնելէ:
Թրքական դիւանագիտութեան հետապնդած նպատակը Հայաստանի սահմանադրական դատարանի վճիռը նսեմացնել, նոյնիսկ զայն վերատեսութեան ենթարկել տալ է, իբրեւ նախապայման՝ գործընթացը շարունակելու: Այս նոր նախապայմանին հանդէպ միջնորդներուն չէզոք մնալու նախընտրութիւնը հետաքրքրական է՝ Թուրքիոյ սեփական քաղաքական կշիռի նոր գերագնահատումներու լոյսին տակ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններին անդրադառնալով՝ ընկ. Ռուբէն Դարբինեան, իր մի աշխատութեան մէջ (եթէ չեմ սխալւում ՙՌուսական վտանգը՚ վերտառութեամբ) մատնանշում է ՙԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԻ ԵՒ ԱՌԱՆՑ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԻ՚ եզրերը։ Կարծում եմ հիմա աւելի հասկանալի է ինչի մասին է խօսքը։ Եթէ հէնց հիմա, հէնց այս գիշեր Հայաստանի իշխանութիւններից որեւէ մէկի (ՍԴ թէ ԱԺ, թէ…) կողմից կանխւի արձանագրութիւնների հաստատումը կամ շարունակւի մինչեւ վերջ (ինչը աւելի հաւանական է), արդէն մեծապէս վնասւած են հայ-թրքական յարաբերութիւնների կարգաւորումը։ Միջնորդների առկայութիւնը եւ կողքից հարցեր լուծելու իրողութիւնը՝ անհնար է դարձնում այլապէս բարդ՝ հայ-թրքական խնդրի լուծումը, եթէ ոչ նոր բաց վէրքի վերածում այն, ինչից մեծապէս օգտւել եւ կ’օգտւեն[Ի] ՙՄԻՋՆՈՐԴ՚[ներ]Ը։