ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Փետրուար 4ին ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմզ Սթայնպըրկը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ կը գտնուէին ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մէրի Եովանովիչ եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրին այցելութիւնը Հայաստան՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններն աւանդաբար կրում են ջերմ, բարեկամական բնոյթ, եւ այսօրինակ այցելութիւնները շատ կարեւոր են մեր երկրների միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու տեսակէտից»:
Երկրի ղեկավարին խօսքով, որոշ յառաջընթաց արձանագրուած է տնտեսութեան ոլորտին մէջ: «Այս ընթացքում ԱՄՆ դարձել է մեր առեւտրային հինգերորդ գործընկերը եւ երրորդը՝ արտահանման գծով, ինչը մեզ համար չափազանց կարեւոր է: Մենք որոշակի օրէնսդրական փոփոխութիւններ ենք կատարել, ինչը եւս պէտք է նպաստի երկկողմ յարաբերութիւնների խորացմանը», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:
ԱՄՆ վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան, իր կարգին նշած է, որ պետական փոխքարտուղար դառնալէն ի վեր, ասիկա իր երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան: Ճ. Սթայնպըրկ հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ջերմ ողջոյնները եւ վերահաստատած՝ ամերիկեան կողմի «պատրաստակամութիւնն ու ցանկութիւնը՝ շարունակելու աշխատել ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ բազմակողմ հարցերու, ե՛ւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ»:
Հանրապետութեան նախագահը եւ ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան դրական գնահատած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը՝ թէ՛ ծաւալի, եւ թէ՛ արդիւնաւէտութեան առումով, նշելով, որ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ անվտանգութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ առեւտրատնտեսական ոլորտներու մէջ:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալը բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ՝ Հայաստանի գործադրած ջանքերը: Ան վերահաստատած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու համար շատ կարեւոր է, եւ ԱՄՆը պատրաստ է շարունակելու իր օժանդակութիւնը՝ գործընթացին: Ճէյմզ Սթայնպըրկ անգամ մը եւս ընդգծած է ամերիկեան կողմի դիրքորոշումը՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման վերաբերեալ, նշելով, որ անիկա դրական քայլ է գործընթացի շարունակման համար: Ամերիկացի դիւանագէտը գործընթացը առաջ մղելու համար անհրաժեշտ համարած է կողմերուն քաղաքական կամքի դրսեւորումը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունած է բազմակողմանի յարաբերութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը: