ԱՐԾՆԻ, «Հետք».- Հնդկաստանի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լոռի մարզի Արծնի համայնքին մէջ կ՛իրականացնէ դպրոցաշինական ծրագիր մը: Հիմնովին կը նորոգուի գիւղին՝ 1962ին կառուցուած երկյարկանի դպրոցը, որուն տնօրէնին՝ Մարիետա Առուստամեանի, տուած տեղեկութիւններով, վատ վիճակի մէջ գտնուող դպրոցէն ներս ուսումնառութիւնը դարձած է թոյլ եւ անհրապոյր: Ան յոյս յայտնած է, որ նոր պայմաններուն տակ, աշակերտները հաճոյքով պիտի յաճախեն դպրոց եւ պիտի արձանագրեն բարձր յառաջդիմութիւն:
«Հայ-հնդկական դպրութեան աւանդոյթը սկիզբ է դրուել 17րդ դարից, եւ ուրախալի է, որ այն շարունակւում է նաեւ մեր օրերում: Այս գեղեցիկ ձեռնարկը եւս մէկ քայլ է՝ ուղղուած հայ եւ հնդիկ ժողովուրդների բարեկամութեան ամրապնդման», նշած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:
Իսկ Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Աչալ Գումար Մալհոթրա, իր կարգին յայտնած է. «Հնդկաստանը Արծնի համայնքի դպրոցի հիմնանորոգման կ՛օժանդակէ՝ բարեկամ երկիրներու ցուցաբերուող «Աջակցութեան ու զարգացման ծրագրի» ծիրէն ներս: Ասիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ Հայաստանի զարգացման ուղղուած ջանքերով, Հնդկաստանը պատրաստ է ըլլալ Հայաստանի վստահելի գործընկերը: Մենք համոզուած ենք, որ վերակառուցումէն ետք դպրոցը պիտի ունենայ ուսման համար բարենպաստ պայմաններ»։