ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Արցախի պետական արխիւի տնօրէն Վարդգէս Ուլուբաբեանի, Ղարաբաղի պետական արխիւին (ՊՈԱԿ) մէջ, 2009ին սկսած է նիւթերու թուայնացման աշխատանքներու իրականացումը, որուն աւարտին հնարաւորութիւն պիտի տրուի քաղաքացիներուն համացանցի միջոցով ստանալու իրենց անհրաժեշտ տեղեկութիւնը կամ արխիւային որեւէ փաստաթուղթ, նոյնիսկ եթէ անոնք Ղարաբաղէն դուրս գտնուին:
Նշենք, որ պետական արխիւին մէջ պահպանուող պատմամշակութային նշանակութիւն ունեցող նիւթերէն, իրաւական, գործավարական եւ այլ բնոյթի հազարաւոր փաստաթուղթերէն ամենահինը 1928ն է, երբ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին մէջ, սկսած է զանազան տուեալներու արխիւացումը:
Ըստ տնօրէնին, ժամանակին աւելի արժէքաւոր նիւթեր պահպանուած էին Պաքուի արխիւներուն մէջ, եւ անոնց մէկ մասը, պարբերաբար, քաղաքական նպատակներու համար խեղաթիւրուած՝ կ՛օգտագործուին ատրպեճանական իշխանութիւններուն կողմէ: