Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, Փետրուարի երկրորդ շաբթուան ընթացքին՝ Փետրուար 9էն 11ին, պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից եւ Ս. Վարդանանց զօրավարաց տօները։
Համաձայն Արեւմտեան թեմի աւանդութեանց, այս տօներուն առիթով տեղի պիտի ունենան Հոգեւորականաց համագումար, ինչպէս նաեւ յատուկ արարողութիւններ։
Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը տօնն է նաեւ Հայ Քահանային, Երեքշաբթի, Փետրուար 9ի առաւօտէն սկսեալ, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միօրեայ համագումար՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ։ Համագումարը պիտի սկսի առաւօտեան աղօթքի պահով մը, առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Ապա, իրերայաջորդ նիստերով, տեղի պիտի ունենան դասախօսական հանդիպումներ, Ս. Գրային սերտողութեան ու խորհրդածութեան պահեր։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանը։
Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ
Ս. Վարդանանց զօրավարաց տօնը Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին է։ Այս առիթով, Չորեքշաբթի, Փետրուար 10ի երեկոյեան ժամը 7ին, նախատօնակի արարողութիւն պիտի կատարուի Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդին եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն։ Հինգշաբթի օր, առաւօտեան ժամը 10։30ին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ։ Թէ՛ նախատօնակի արարողութեան, եւ թէ Ս. պատարագի աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր։
Ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու այս արարողութեանց, վերանորոգուելու Ս. Ղեւոնդեանց ու Ս. Վարդանանց պատգամով ու վերահաստատելու անկէ բխող ուղիին հաւատարմութեան ուխտը։