ԱՐԱ ԻՍԳԻԿԵԱՆ
Կիրակի, Յունուար 17ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան անմահ բարերարներ՝ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն։ Եկեղեցւոյ մէջ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք, աւելի քան հարիւր մելգոնեանցիներ եւ բարեկամներ ուղղուեցան ՀԲԸՄի «Կարօ Սողանալեան» հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեճաշ եւ յիշատակի հանդիսութիւն։
Մելգոնեանցիներուն համար աւանդական դարձած յարգանքի այս օրը, այս տարի աւելի պատկառելի շուք ստացաւ այն երեւոյթով, որ նախկին մելգոնեանցիներու կողքին, բարերարներու յիշատակը յարգելու նպատակով ներկաներու մէջ կը գտնուէին վարժարանի բազմավաստակ ու մեծատաղանդ նախկին ուսուցիչներ՝ երգահան, խմբավար, արուեստի նուիրեալ Սեպուհ Աբգարեան եւ հայ գրականութեան եւ հայ լեզուի մասնագէտներէն դոկտ. Արտեմ Սարգիսեան։
Հանդիսութիւնը սկսաւ «Մելգոնեան»ի քայլերգով՝ առաջնորդութեամբ Սեպուհ Աբգարեանի։ Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներու միութեան ատենապետ Ռաֆֆի Ցնծալեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց վարչութեան անցնող տարուան աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ վարչութեան կազմին նոր անդամները։ Ան բոլորին յայտնեց սանուցի աւանդական ճաշկերոյթ պարահանդէսին մասին, որ կը նախատեսուի կատարել Մարտ ամսուան մէջ։ Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ դոկտ. Արտեմ Սարգիսեան, որ կարօտով յիշեց «Մելգոնեան»ի մէջ դասաւանդութեան իր չորս տարիները, յուսալով, որ մօտիկ ապագային վարժարանը կը վերաբանայ իր դռները գալիք սերունդներուն առջեւ։ Ան ներկաներուն նուիրեց իր նոր լոյս տեսած, բազմահատոր գիրքերէն օրինակներ, ուր ծաւալուն էջեր նուիրուած են «Մելգոնեան»ի եւ մելգոնեանցիներուն։
Յաջորդ բեմ բարձրացողը մեծանուն երաժիշտ Սեպուհ Աբգարեանն էր։ Ան իր հաճելի ձայնով դրուագներ պատմեց հին օրերէն։ Ան նաեւ տասնեակ տարիներ շարունակ իր աշակերտներուն գեղանկարչական գործերէն մաս մը, զոր ինք մասունքի նման խնամքով պահած էր, իրեն հետ բերած ըլլալով՝ յանձնեց տէրերուն։
Արժէքները ու հարստութիւնները պահպանելու նիւթը շարունակելով՝ կարճ ելոյթ ունեցաւ նախկին ուսուցիչ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը։ Ան հարց տուաւ, թէ ուր անհետացան «Մելգոնեան»ի մատենադրանի արժէքաւոր բազմաթիւ մատեանները, պատերը զարդարող թանկարժէք իւղանակարները, օրինակ՝ մեծանուն գծագրիչ մելգոնեանցի Յակոբ Յակոբեանի գործերը, եւ ուրիշ շատ այլ հարստութիւններ։
Ելոյթ ունենալու առիթ տրուեցաւ նաեւ վարժարանի նախկին սան Մեսրոպ Թաշճեանին։ Ան կրթական մշակ ըլլալու կողքին, ունեցած է նաեւ երաժշտական յաջողութիւններ՝ հրապարակելով քանի մը ձայնապնակներ։ Ան նախ կատարեց երգ մը՝ «Փոքրիկ տղան», որ սորված էր «Մելգոնեան»ի մէջ, ապա բոլոր ներկաներուն նուիրեց իր ձայնասկաւառակէն մէկական օրինակ, խնդրելով, որ ստացողները նուիրատուութիւն մը կատարեն Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներու միութեան։
Հոգեճաշ-հանդիսութիւնը փակուեցաւ Զօհրապ Շամմասեանի ելոյթով։ Շամմասեան, որ «Մելգոնեան» աշխարհասփիւռ սանուց միութիւններու մամլոյ համադրողն է, յայտնեց, թէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ այժմ լուրջ աշխատանքներ կը տարուին հարուստ հայ գործատէրերու կողմէ՝ Եւրոպայէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը վերաբանալու համար։ Ըստ անոր, «Այբ» կրթական հիմնադրամի քննարկման նիւթ եղած է «Մելգոնեան»ը եւ մշակուած է անոր վերաբացման հայեցակարգ։ «Այբ» կրթական հիմնարկը այսօր Երեւանի մերձակայքին մէջ ծրագրած է հիմնել կրթական աւան մը, ուր պիտի յաճախեն 800 աշակերտներ: Այս նպատակին համար հանգանակուած է քառասունեըօթ միլիոն տոլար։ Նմանօրինակ հաստատութիւն մը հիմնելու ծրագրին մէջ նկատի ունին Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, հաշուի առնելով անոր աշխարհագրական մերձակայութիւնը Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի, որ ապագային պիտի դառնայ խորհրդանիշը հայրենիքի եւ Սփիւռքի միասնութեան։ «Այբ» կրթական հիմնարկը կապի մէջ մտած է արդէն ՀԲԸՄ կեդրոնին հետ, համաձայնութեան մը գալու միտումով։ Շամմասեան նշեց, որ թէեւ Մելգոնեանի աշխարհացրիւ սանուց միութիւնները ունեցան կարգ մը ձախողութիւններ, բայց պէտք չէ վհատիլ ու միշտ պէտք է հաւատք, յոյս եւ երազ ունենալ՝ հասնելու համար վարժարանին՝ «լուսոյ անշէջ վառարան»ին, վերաբացման։
Մելգոնեանցիները ամրապնդուած ու վերանորոգ յանձնառութեամբ հեռացան սրահէն։